Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Հայաստանը Դարձաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ոչ Նիւթական Մշակութային Ժառանգութեան Միջկառավարական Կոմիտէի Անդամ

Մայիս 30-էն Յունիս 1 ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» 2003թ. պայմանադրութեան անդամ պետութիւններու Գլխաւոր ասամպլեայի (վեհաժողով) 6-րդ նստաշրջանը, որու ընթացքին կայացան Պայմանադրութեան միջկառավարական կոմիտէի ընտրութիւնները` 2016-2020թթ. ժամանակահատուածի անդամակցութեան համար: «Հայերն Այսօր»ի փոխանցմամբ այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Երկրորդ տարածաշրջանային խումբէն (Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներ), չորս տարի ժամկէտով ընտրուեցաւ Հայաստանը` ստանալով պայմանադրութեան անդամ երկիրներու միաձայն աջակցութիւնը:

Միւս խումբերէն ընտրուեցան Կիպրոսը, Աւստրիան, Կուաթեմալան, Քոլումպիան, Քուպան, Ֆիլիփինները, Զամպիան, Սենեկալը, Մաւրիքիոսը, Պաղեստինը եւ Լիբանանը:

Տեղեկանք. Միջկառավարական կոմիտէն Պայմանադրութեան գլխաւոր մարմիններէն մէկն էԱն ստեղծուած է Պայմանադրութեան 5-րդ յօդուածին համաձայնունի 24 անդամներտարածաշրջանային վեց խումբերէԿոմիտէի անդամը անմիջապէս վերընտրուելու հնարաւորութիւն չունի:

Կոմիտէի կարեւոր գործառոյթներէն է Պայմանադրութեան մէջ սահմանուած ցանկերով արձանագրուելու նպատակով, անդամ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած յայտերու առնչութեամբ վերջնական որոշում կայացնելը:

Գլխաւոր վեհաժողովըորուն նստաշրջանը կը գումարուի երկու տարին մէկի թիւս այլ գործառոյթներուկ՛ընտրէ 12 նոր անդամներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին