Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդը Գերմանիոյ Դեսպանին Կը Յանձնէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գերմանիոյ Վարչապետին Յղած Նամակը

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեանի, այցելեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ Դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Դեսպան Մարթին Հութի հետ։

Առաջնորդ Սրբազանը նախ Դեսպանին յանձնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքելին յղած նամակը՝ Գերմանիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով որդեգրած բանաձեւին առիթով։ Ապա, ան լիբանանահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Գերմանիոյ Խորհրդարանին ու ժողովուրդին, մարդկային իրաւանց ու արդարութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած յանձնառութեան։

Դեսպանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր արտայայտած երախտագիտական խօսքերուն համար, վստահեցնելով որ Գերմանիոյ ժողովուրդը մարդկային արժէքները բոլոր շահերէն գերիվեր կը դասէ։ Դեսպանը ընդունեց Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրը, Երկուշաբթի 13 Յունիսին Լիբանանի Հայոց Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ, հանդիպելու լիբանանահայ ղեկավարութեան ու ժողովրդային ներկայացուցչութեան հետ։ Դեսպանը նաեւ իր ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին