Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Թրքական Թերթերը Պունտեսթակի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրման Մասին

«Ակօս» կը ներկայացնէ թրքական մամուլի անդրադարձը Պունտեսթակի կայացուցած որոշումին առնչութեամբ: Այդ հարցը գրաւած է թրքական 25 օրաթերթերու առաջին էջերը: Որոշ թերթեր Գերմանիոյ խորհրդարանին որոշումը դատապարտած են, ուրիշներ ալ ատելութեան թիրախ դարձուցած:

– «Հիւրրիյէթ»-ի առաջին էջին վրայ կայ «Ամօ՛թ ձեզի» վերնագիրը. նիւթին մէջ կը նշուի, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը քուէարկութեան չէ մասնակցած, նաեւ Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւններուն տրուած է առաջնակարգ տեղ:

– «Ենի Շաֆաք» իր առաջին էջին վրայ տպած է «Թուրքիան ասիկա պիտի չմոռնայ» վերնագիրը: Նիւթին մէջ կը նշուի, որ բանաձեւին դէմ քուէարկող միակ երեսփոխանը Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութենէն Պերթինա Քուտլան է: «Կանաչներու» կուսակցութեան թրքական արմատներով համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրն ալ, իբրեւ «ազգի խայտառակութիւն» թիրախի վերածուած է:

– «Սթար»-ի առաջին էջը ամէնէն քննարկուողն է. այստեղ Մերքել պատկերուած է Հիթլերին բնորոշ պեխով: «Ամէն ինչ յանուն ՔԱԿ-ի», կ՛ըսէ վերնագիրը: Այստեղ ատելութեան թիրախ դարձած են Էօզտեմիրի գլխաւորութեամբ թեր քուէարկած բոլոր երեսփոխաններն ու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ դատապարտող յայտարարութիւնը չստորագրած՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը:

– «Պիրկիւն» թերթը կը գրէ. «Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը հաստատուեցաւ. Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՛ըսէ` առ ոչինչ է»:

– «Վաթան»-ի առաջին էջին վրայ տեղ կը գրաւէ դէմ քուէարկած միակ երեսփոխանը. «Միայն Պեթինան»` ըսուած է վերնագիրին մէջ:

– «Թարաֆ» օրաթերթը կ՛օգտագործէ «Գերմանիոյ հետ Ցեղասպանութեան ճգնաժամը» վերնագիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին