ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները կը նպաստեն յատկապէս Սփիւռքի երիտասարդութեան հայադարձութեան ու հայրենաճանաչութեան։ Հայրենիքի մասին միայն լսած ու կարդացած հայ երախաները կը շփուին Հայաստանի հետ եւ իրենց համար վերացական Հայրենիքը կը դառնայ իրականութիւն՝ անոնք ինքնաբերաբար կը զգան իրենց հողին պատկանելու բերկրանքը՝ այցելելով բազմաթիւ տեսարժան վայրեր, հետեւելով մայրենի լեզուի դասընթացքներուն։
Յունիս 13-ին կը սկսի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրը, որուն 2015 թուականին (Յունիս 12-Օգոստոս 27-ը) մասնակցած են 13-18 տարեկան 1103 սփյուռքահայ երիտասարդներ՝ աշխարհի 40 երկիրներէ: Յատկանշական է, որ ծրագիրին մասնակցած են Տիգրանակերտէն ժամանած 80 իսլամացուած հայեր:
Ծրագիրի մասնակիցները հիւրընկալուած են երեւանեան եւ երեւանամերձ մարզերու ընտանիքներու յարկին տակ, այցելած են Հայաստանի պատմամշակութային տեսարժան վայրեր, մասնակցած են հայոց լեզուի 5-օրեայ ուսուցման ծրագիրին: Այնուհետեւ «Արի տուն» Ծաղկաձորի ճամբարային 5-օրեայ ժամանցի օրերուն կազմակերպուած են ճանաչողական ձեռնարկներ, պետական այրերու, մշակոյթի անուանի գործիչներու հետ հանդիպումներ, հայոց լեզուի, հայրենագիտութեան, ազգային երգի ու պարի դասընթացքներ:
Սփիւռքի նախարարութեան տուն կանչող կարեւոր ծրագիրներէն է «Իմ Հայաստան»ը, որ տեղի կ’ունենայ երկու տարին մէկ անգամ։ Այս տարի փառատօնի բացումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 22-ին։ Փառատօնին կը մասնակցին Սփիւռքի տարբեր համայնքներու պարախումբեր, երգչախումբեր եւ մենակատարներ։ Միջանկեալ տարիներուն տեղի կ’ունենայ Կոմիտասին նուիրուած փառատօն։ 2015 թուականին «Երգում ենք Կոմիտաս» Համահայկական փառատօնին
(Սեպտեմբեր 24-էն Սեպտեմբեր 27) մասնակցած են Հայաստանի եւ Արցախի երգչախումբեր, աւելի քան 235 սփիւռքահայեր (կատարողներ)՝ 12 երկիրներէ (Ռուսիա, Վրաստան, Սուրիա, Յորդանան, Թուրքիա, Գերմանիա, Իսրայէլ, Արցախ, Ճափոն, Լիբանան, Յունաստան, Շուէտ), ինչպէս նաեւ օտար անհատ կատարողներ: