Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալական հեռագիրներ յղած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահ Եոախիմ Կաուքին, վարչապետ Անկելա Մերքելին եւ Պունտըսթակի նախագահ Նորպերթ Լամերթին` Գերմանիոյ Պունտըսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունման առիթով:
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակէն:
ՀՀ նախագահը խորին շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց եւ Գերմանիոյ բոլոր այն քաղաքական եւ հասարակական ուժերուն, որոնք իրենց վճռական խօսքը ըսին այս հարցին մասին: Նախագահ Սարգսեան համոզում յայտնած է, որ բանաձեւը իր ուրոյն դերը պիտի ունենայ ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգիլման գործին մէջ:
«Գերմանիոյ Պունտըսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչցող բանաձեւին ընդունումը իսկապէս պատմական քայլ էր. պատմական ոչ միայն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի, Գերմանիոյ եւ գերմանացի ժողովուրդի, այլ նաեւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի համար: Ան կը խորհրդանշէ ժողովրդավարութեան, համամարդկային արժէքներու գերակայութիւնը եւ կ՛ընդգծէ Գերմանիոյ հետեւողական դերը այդ արժէքներու պահպանման գործին մէջ: Ան ուղերձ է ամբողջ աշխարհին առ այն, որ մարդկութեան դէմ գործուած նոյնիսկ հարիւրամեայ վաղեմութեան յանցագործութիւնները ոչ միայն չեն մոռացուիր, այլ նաեւ կը դատապարտուին ճշգրիտ բնորոշմամբ», ըսուած է ՀՀ նախագահին խօսքին մէջ: