*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Գերմանիայէն եկած լաւ լուրին զուգահեռ ու անոր ընկերային համացանցի վրայ տարածումին տարողութեամբ, կարգ մը աժան սգուբներու (աժան լուրերու) ձգտող կայքեր ըստ սովորութեան սկսան արտասովոր լուրեր տարածել՝ ինչպէս Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքըլի հայկական ծագում ունեցած ըլլալու լուրը, թէ ան կը սեռի նոր պայազետցի ընտանիքէ մը եւ թէ բուն անունով Այծեմնիկ Մերքելեան կը կոչուի եւ թէ մեծ մայրը՝ Նոյեմզարը ու մեծ հայրը՝ Աթաբեկը զոհուած են Մեծ Եղեռնի տարագրութեան ճամբուն վրայ, եւայլն…:
Առաջին անգամ չէ անշուշտ նման լուրերու տարածումը հայկական մեր իրականութեան մէջ: Օրինակները շատ են… յիշեցնեմ մէկը, թէ Ռուսիոյ վարչապետ Մետվետեւին ծնողքը Ատանայէն գաղթականներ են…:
Ինծի այնքան չի զարմացներ այդ աժան լրատուական միջոցներու սգուբի մարմաջը, որքան ընկերային համացանցի իրենց անձնական էջերուն վրայ այս լուրը բաժնեկցողներուն ու իրար յղողներուն մանկամտութիւնը, տգիտութիւնն ու ստորակայութեան բարդոյթը…:
Այս տուեալ անստոյգ լուրին անխնայ տարածումը եթէ միայն զայն տարածողներուն բարդոյթը կը մատնանշէ, կամ ուրիշներուն ծիծաղը կը յառաջացնէ՝ այսինքն յարաբերաբար անմեղ զբաղում է, անստոյգ լուրեր տարածելու ոմանց այս մարմաջը լրջօրէն կը մտահոգէ զիս՝ երբ հարցը վերաբերի լուրջ նիւթերու, որոնց անստոյգ տարածումը կրնայ դիւրիմացութիւններու եւ ինչու չէ վիրաւորանքներու դուռ բանալ…:
Մինչեւ ե՞րբ այս ազգային մանկահասակութիւնը, անչափահասութիւնն ու անպատասխանատուութիւնը… մինչեւ ե՞րբ…: