Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Ու Ազրպէյճանի Նախագահները Համաձայնած Են Յունիսին Հանդիպելու

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ) եւ Փիեռ Անտրէօ (Ֆրանսա), Մայիս 31-­ին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ Յունիս 2-­ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ հանդիպումներու արդիւնքներով յայտարարութիւն տարածած են: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»­-ը, համանախագահները յայտարարութեան մէջ նշած են, որ հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած է Վիեննայի մէջ Մայիս 16-­ին տեղի ունեցած գագաթաժողովի ժամանակ ընդունած որոշումներու կեանքի կոչման հարցը:

«Նախարարները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցով: Համանախագահները նախարարներուն ներկայացուցած են փաստաթուղթեր՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի լիազօրութիւնները ընդլայնելու եւ ԵԱՀԿ հետախուզական մեքանիզմներ ներդնելու հարցին շուրջ:

Նախարարները հաստատած են նախագահներու համաձայնութիւնը` Յունիսին իրականացնելու բանակցութիւններու յաջորդ փուլը` նպատակ ունենալով վերսկսելու բանակցութիւնները համապարփակ կարգաւորման շուրջ»,­ կ՛ըսուի համանախագահներու յայտարարութեան մէջ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին