Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէն (ՀԽՀԿ) որոշած է 2017 թուականի Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը իրականացնել Արցախի մէջ: Գործադիր կոմիտէի նիստի ընթացքին այս առաջարկը ըրած է ՀԽՀԿ նախագահ Իշխան Զաքարեան: Առաջարկը մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած են գործադիր կոմիտէի բոլոր անդամները:
«Սա պատմական որոշում պիտի ըլլայ` մեր գաղափարներու իրագործման անկիւնաքարը: Այս որոշումը իրապէս կ’արտացոլէ մեր նպատակը` «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք» եռամիասնութիւնը», նշած է Իշխան Զաքարեան, կը յայտնէ sport.news.am-ը:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը Արցախի մէջ իրականացնելու հարցը դրուած է քուէարկութեան եւ ընդունուած միաձայն: ՀԽՀԿ գործադիր կոմիտէն որոշում ընդունած է նաեւ՝ ՀԽՀԿ Գլխաւոր հաւաքը կազմակերպել Արցախի մէջ, 2017թուականի Սեպտեմբեր 3-ին: Համահայկական 2-րդ ձմեռնային խաղերը տեղի պիտի ունենան 2018 թուականի Փետրուարին Ծաղկաձորի մէջ: