*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Գերման ժողովուրդի պատմութեան մէջ «Յունիս 2»ը երկրորդ անգամ ըլլալով, անսովոր զուգադիպութեամբ մը համաշխարհային դատաստանին կը ներկայանայ իր առած ԱՐԴԱՐ ՎՃԻՌով: Առաջինը՝ 1921-ին, երբ Սողոմոն Թեհլիրեանի գործած վրէժխնդիր արարքը կ՛րդարացուէր դատարանի վճիռով, իսկ երկրորդը՝ 95 տարի ետք նոյն օրը, գրեթէ միաձայնութեամբ, կը ճանչնար Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին՝ յատկապէս, եւ ոչ-հայ փոքրամասնութեանց վրայ ընդհանրապէս:
Ազգերու պատմութեան մէջ, քաղաքական մտածողութիւնը վերածել կեանքի ու շարժումի, եւ անոր տալ հաւաքական գիտակցութեան ու քաղաքական կամքի արտայայտութիւն, ՉԱՓԱՆԻՇն է տուեալ ազգին քաղաքական ու մտաւորական ղեկավարութեան կարողականութեան եւ կարելիութիւններուն:
Արդարեւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտըսթակի պաշտօնական ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան, անհերքելի փաստաթուղթ մըն է, որ առաւել եւս ցնցեց համաշխարհային քաղաքական կարծիքը՝ ի նպաստ հայութեան ազգային պահանջատիրութեան, քանի որ Գերմանիոյ ներկայ ղեկավարութիւնը դատապարտեց ոչ միայն Թուրքիոյ պետութիւնը, այլեւ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը անմարդկային այս բռնարարքին մէջ:
Թուրք եւ գերման համագործակցութեան արտացոլացումը մենք կը գտնենք սփիւռքահայ գեղարուեստական գրականութեան էջերուն՝ տրուած Շահան Շահնուրի գրիչով: «Թերթիս Կիրակնօրեայ Թիւը» (Պէյրութ, 1958) հատորին մէջ ընդգրկուած է «Արդար Գնդակահարութիւն մը Երեւանի մէջ» խորագրեալ արձակ էջ մը: Հատուած մը կայ հոն, արժանի լուսարձակի տակ առնուելու:
Քեմալ Աթաթիւրք առիթով մը հարց կու տայ իր մտերիմներուն. «Որն է այն ուժը, որ Հայոց հայրենասիրութիւնը կ’ամրապնդէ, հակառակ իրենց կրած ազգակործան ջարդերուն»:
Երբ թուրք բարձր պաշտօնատարներ կը պատրաստուէին հարցը անլուծելի յայտարարել, «յանկարծ իր լուծումը կը գտնէ, շնորհիւ Տոքթ. Զիպերմանի, որ Անգարայի բժշկական համալսարանին մարդակազմութեան այժմու դասախօսն է», կը գրէ Շահնուր: Տոքթ. Զիպերմանի եւ Աթաթուրքի միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութեան ընթացքին, գերման փրոֆէսէօրը կը յայտնէ հետեւեալը. «Ժողովուրդի մը հայրենասիրական զգացումները ջնջելու համար, անհրաժեշտ է ջնջել ժողովուրդն իսկ: Այդ նպատակաւ է, որ մենք ձեզի թելադրեցինք խմբական տեղահանութիւնը աւելցնել՝ տեղական ջարդերու ձեր հին մեթոտին վրայ, մեթոտ՝ որ ակնյայտօրէն անբաւական էր: Արդիւնքը ձեզի ծանօթ է: Բայց ժողովուրդ մը միայն ներկայ չէ, այլ նաեւ անցեալ: Միայն միս ու ոսկոր չէ, այլ նաեւ անշունչ իր: Այդ պատճառաւ է որ դուք քանդեցիք նաեւ անցեալը, որ կ’ապրէր անշունչ իրերու մէջ եւ բնաջնջեցիք ձեռագիրն ու տպագիրը, ուժանակ դրիք Անիի աւերակներուն տակ եւ խաչքարով դուք փողոց սալարկեցիք: Բայց ափսո՛ս, մոռցաք անհետացնել ու բնաջնջել առաւելապէս հիմնական բան մը՝ որ Հայ ժողովուրդին զգացումները իր մէջ կը խտացնէր առաւելագոյն չափով…: Մոռցաք Հայոց զանգակները»:
Ու գերման գիտնականը կը բացատրէ Աթաթուրքին, որ պատերազմի այդ տարիներուն գոհացնելու համար Գերմանիոյ զինարաններու մետաղի պահանջքը, հրամայեցին հաւաքել հայոց եկեղեցիներու զանգակները»…։ Բայց… «զանգակները կը մերժէին երթալ, քաջ գիտնալով որ իրենց մեկնումով պիտի լռէր վերջին ձայնը Հայուն: Բայց գացին ու ձուլուեցան…»:
Սակայն «Ինչ որ մարդկային է՝ անկատար է ու թերի: Այդ իսկ պատճառաւ դուք չկրցիք բնաջնջել ամէն ինչ եւ հոս մնաց զանգակ մը, վերջինը»:
Ու կ’եզրափակէ գերման գիտնականը. «Հայոց այդ վերջին զանգակն է, որ կը հնչէ անվերջ եւ ձայն կու տայ իրեններուն, անոնց, որոնք ցրուած են աշխարհէ աշխարհ, ծովէ ծով: Կ’ըսեն թէ աւերակ եկեղեցիի մը նկուղին մէջ մնացած զանգակ մըն է ան, շատ հին եւ տեսքով անշահ: Բայց ան կը ղօղանջէ անդադար…»։
ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳԱԿը ՝ վերջին ապաւէնն է Հայուն:
Ան պիտի հնչէ անդադար, ընդերկար ու յաւերժախօս:
Շահնուրի այս էջը, գրուած 80-ամեակ մը առաջ, կը հնչէ մեր ունկերուն՝ իբրեւ գեղարուեստական գրական էջ: Հարց մի՛ տաք.- ճշմարի՞տ է, թէ ճշմարտանման:
Ճշմարիտ է այնքա՛ն, որ կրցաւ խորտակել անարդարութեան եւ անտարբերութեան պատը, վկայ՝ մեր դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան հեղինակ թուրքին մեղսակից՝ Գերմանիոյ աշխարհացունց «Ճանաչում»ը:
Պատմական փաստաթուղթ ու դատավճիռ:
… Ու Վերջին Զանգը պիտի ղօղանջէ ընդերկար…. մինչեւ ՕՐԸ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ: