Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Գերմանիոյ Որոշումը «Ամօթալի» Որակած Է

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) Գերմանիոյ Պունտըսթակի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ճանաչման մասին, գրաւոր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է` «ամօթալի» որակելով Գերմանիոյ որոշումը, կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:

Քանի մը կէտերէ բաղկացած յայտարարութեան մէջ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն դատապարտած է Գերմանիան, ինչպէս նաեւ «պատմութեան քաղաքականացումը, անցեալի մասին ազատ խօսիլը արգիլելը»:

Մասնաւորաբար նշուած է, որ Պունտըսթակի ընդունած բանաձեւը «իրաւունքի ոտնահարման օրինակ» է:

Ուշագրաւ հատուածներէն մէկն ալ հետեւեալն է. «Կ՛ակնկալենք, որ Գերմանիան, որուն հետ դաշնակից ենք եւ Եւրոպայի ապագայի համար սերտ կը համագործակցինք, հաշուի կ’առնէ թէ՛ մեր երկկողմ եւ թէ՛ Թուրքիա-Եւրոպա յարաբերութիւններու ապագայի համար մեր` կենսական նշանակութիւն ունեցող հայեացքներն ու զգայնութիւնը»:

Յայտարարութեան վերջը ԱԳ նախարարութիւնը նշած է նաեւ, որ Գերմանիոյ մէջ իրենց դեսպանը ետ կանչուած է Թուրքիա` այդ հարցով խորհրդակցութիւններու համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին