Թուրքիան հերթական անգամ ջղաձգութեան մէջ ինկած է, որ դարձած է գրեթէ ամէնամեայ վարժանք` իր մութ անցեալի մասին ճշմարտութիւնը լսելու պատճառով: Այս անգամ երկիրը ետ կանչած է Պերլինի մէջ իր դեսպանը եւ սպառնացած է, որ Հինգշաթի օր Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը՝ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ, ըստ tert.am-ի կը գրէ The New York Times-ը իր խմբագրականին մէջ:
«Թուրքիան կ՛ընէ ասիկա ամէն անգամ, երբ որեւէ օտար երկիր կը համարձակի չհամաձայնելու իր վարկաբեկուած պնդումներուն հետ, թէ հայերը զոհուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմի դաժան հանգամանքներուն պատճառով եւ ոչ թէ ժողովուրդը վերացնելու կանխամտածուած փորձի հետեւանքով:
«Ո՛չ, ան Ցեղասպանութիւն էր, 20-րդ դարու Առաջին Վեղասպանութիւնը: Պատմաբանները հիմնաւորաբար կասկածէ դուրս հաստատած են, որ 1,5 միլիոն հայեր միտումնաւոր սպաննուած են կամ ուղարկուած մահուան երթի՝ 1915-1916 թուականներուն փլչող Օսմանեան կայսրութեան կողմէ` վախնալով, որ անոնք եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ կրնան պատերազմի ընթացքին կանգնիլ Ռուսիոյ կողքին», կը գրէ թերթը:
«Ամբողջ աշխարհի մէջ սփռուած միլիոնաւոր հայերու համար ճանաչման հասնիլը, որ կոտորածները Ցեղասպանութիւն էին` կանխամտածուած ոճրագործութիւն եւ ոչ կողմնակի վնաս, երկար եւ կրքոտ ազգային առաքելութիւն մը եղած է, որուն արդիւնքը եղած է աւելի քան 20 երկիրներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը:
«Հայերը լիովին արդար են պատմական պատասխանատուութեան իրենց ձգտումին մէջ: Բայց որքան շատ աշխարհը կը ճանչնայ զայն, այնքան աւելի յարձակողական կը դառնայ Թուրքիան: Քանի մը տարիներ առաջ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան դեռ յարաբերականօրէն լայն հայեացքներու տէր վարչապետ էր, ան պատրաստ կը թուէր Հայկական հարցի վերաբերեալ աւելի հաշտուողական դիրքորոշում ստանձնելու: Այդ մէկը տեղի չունեցաւ եւ աւելի ու աւելի բռնակալական դարձող Էրտողանը նախազգուշացուց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերկելին, որ Գերմանիոյ հետ «դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրային, քաղաքական եւ ռազմական» յարաբերութիւնները կը վնասուին բանաձեւի ընդունման պարագային:
Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի կարեւոր դաշնակիցն է Միջին Արեւելքի ցնցումներուն, եւ յատկապէս կարեւոր է Գերմանիոյ ու Եւրոպական Միութեան համար, որոնք կը փորձեն կանգնեցնել սուրիացի փախստականներուն հոսքը:
Մերքել ներկայ չէ եղած քուէարկութեան, թէեւ ան դէմ չէ եղած անոր:
ԱՄՆի նախագահ Պարաք Օպաման, որ 2008 թուականին նախագահի թեկնածու ըլլալու ժամանակ խոստացած էր՝ 1915 թուականի դէպքերը որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալ, այդպէս ալ չիրագործեց զայն:
«Հայերու եւ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցներուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն հասցուած վնասին պատասխանատուութիւնը թուրքերուն մեծամասնութեանն է, որ կը հրաժարի ճանչնալէ իր պատմութեան մութ կէտը, եւ ոչ անոնցը, որոնք կը ձգտին յիշատակել ողբերգութիւնը:
«Գերմանացիները, որոնք հիանալի կերպով առերեսուած են իրենց իսկ պատմութեան սարսափելի ցեղասպանութեան, ճիշդ քայլ ըրին` չենթարկուելով Էրտողանի սպառնալիքներուն», կը գրէ թերթը: