ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին յաջորդող օրերուն ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ այցելութիւն տուին Հ.Բ.Ը. Միութեան Հայաստանի կեդրոն, ուր տեսակցութիւն ունեցան Հ.Բ.Ը. Միութեան Նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի հետ: Տեսակցութեան ընթացքին, որուն կը մասնակցէին նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական ժողովի անդամներ Վազգէն Եագուպեան, Երուանդ Զօրեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի փոխտնօրէն Յովիկ Էօրտեքեան, քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ Սփիւռքի ազգային կեանքին առնչուող հարցեր:
Տեսակցութեան աւարտին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները մօտէն ծանօթացան Հ.Բ.Ը.Մ.ի հայրենական ծրագիրներուն եւ Միութեան Հայաստանի նորակառոյց շէնքին: Աւելի ուշ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի Կեդրոն ժամանեցին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր ատենապետ ընկեր Սերխիօ Նահապետեանը, Փոխ-ատենապետ ընկեր Իւճին Գարաճեանը եւ ատենադպիր ընկեր Սեւակ Յակոբեանը, որոնք վերադառնալով այլ կարեւոր հանդիպումէ մը տեսակցեցան Հ.Բ.Ը. Միութեան Նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի հետ: Տեսակցութեան այս բաժնին ներկայ եղաւ Պէյրութէն ընկեր Նար Խաչատուրեան:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան շնորհաւորեց եւ արդիւնաւոր աշխատանք մաղթեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր Ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանին եւ Կեդրոնական Վարչութեան կազմին: Ան յոյս հայտնեց, որ ՌԱԿ-ը կը յաղթահարէ ներքին դժուարութիւնները եւ աւելի համախմբուած ու միասնակամ կը լծուի իր ազգային ծառայութեան՝ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: