Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Պունտըսթակի Պատգամաւորները Սպառնալիքներ Կը Ստանան Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Պատճառով

Պունտըսթակի պատգամաւորները վերջին օրերուն ելեկտրոնային նամակներով սպառնալիքներ եւ վիրաւորանքներ կը ստանան` կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման ծրագիրներուն։ Այս մասին ըստ «Արցախփրես»ի կը գրէ Spiegel Online-ը:

Բոլոր խմբակցութիւններուն մէջ նշած են, որ իրենց պատգամաւորները, յատկապէս թրքական արմատներով խորհրդարանականները, վիրաւորանքով լի նամակներ ստացած են: Բանաձեւի նախագիծի հեղինակ, Կանաչներու համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր տեղեկացուցած է, որ ելեկտրոնային նամակով, Facebook-ով եւ Twitter-ով իրենց ստացած նամակներուն մէջ, անյայտ անձեր զիրենք «դաւաճան», «հայ ահաբեկիչ» եւ նոյնիսկ «նացիստ» կոչած են:

Որոշ լրագրողներ, որոնք այս թեման լուսաբանելու համար «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը օգտագործած են, այսպիսի սպառնալիքներ ստացած են. «Դուն պիտի մեռնիս` ինչպէս Հրանդ Տինքը»:

Spiegel-ի տուեալներով այս օրերուն Պունտըսթակի պատգամաւորներն ու լրագրողները կը ստանան հազարաւոր ելեկտրոնային հաղորդագրութիւններ, որոնց մէջ բողոք կ՛արտայայտուի բանաձեւին ընդունման առիթով:

Ռուսական «ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պունտըսթակը կը ծրագրէ բանաձեւի նախագիծը քննարկել Յունիս 2-ին: Անոր մէջ Ցեղասպանութիւն բառը չորս անգամներ կրկնուած է:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին