Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Շնորհակալութիւն Գերմանիա DANKE DEUTSCHLAND

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

95 տարիներ առաջ՝ 2 Յունիս 1921-ին Պերլինի մէջ սկիզբ առաւ թուրք դահիճ Թալէաթի ահաբեկիչ՝ Սողոմոմ Թեհլիրեանի դատավարութիւնը, ուր ի տես Թեհլիրեանի անհերքելի վկայութեան՝ ինչ կը վերաբերի թուրքերու Հայ ժողովուրդին դէմ գործած զարհուրելի արարքին, աւարտեցաւ Թեհլիրեանի գերման դատարանին կողմէ անպարտ արձակմամբ..:

Այդ թուականէն 95 տարիներ ետք եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը՝ միեւնոյն Գերմանիոյ խորհրդարանը՝ Պունտըսթակը, նոյն Պերլինի մէջ, քաղաքակիրթ ժողովուրդներու միայն յատուկ նմանօրինակ արդարադատութեամբ մը՝ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը…:

Արդեօք ե՞րբ քաղաքակիրթ ձեւացող Թուրքիա  պիտի նմանօրինակ քայլ մը առնէ՝ ընդօրինակելով իր զինակից Գերմանիոյ օրինակը…:

Հանգիստ ոսկորներուդ Խրիմեան Հայրիկ, որ ժամանակին նոյն այդ Պերլինի վեհաժողովէն ձեռնունայն վերադարձեր էիր՝ որովհետեւ թուղթէ շերեփով հոն գացեր էիր… ժամանակի ընթացքին պայմանները ինչպէ՜ս կը փոխուին…։

Մինչ այդ Շնորհակալութիւն Գերմանիա:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին