Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐ

2 Յունիս 2016

Մեծարգոյ Պրն. Նախագահ եւ Անդամներ
Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտըսթակի

Յարգելի տիկնայք եւ պարոնայք,
Անհուն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտըսթակի կողմէ, մեր ժողովուրդին եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ՝ 20-րդ դարասկիզբին գործադրուած  Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումը ձեր անդամակցած խորհրդարանին կողմէ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնս խորապէս կը հաւատայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահին պատմական յայտարարութենէն ետք, Պունտըսթակի կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը կը հաստատէ Գերմանիոյ նման մեծ պետութեան մը մեծ ներդրումը՝ Հայ ժողովուրդի արդար Դատի ճանաչման գործընթացին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրով Ձեր կողմէ ընդունուած բանաձեւը ո՛չ թէ յաղթանակ մըն է Հայ ժողովուրդին միայն, այլ ան յաղթանակն է ազատ աշխարհի համայն ժողովուրդներուն եւ համաշխարհային մարդկային իրաւունքներուն ու կարեւոր քայլ մը մարդկային պատմութեան մէջ՝ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու դատապարտման ու կանխարգիլման գործընթացին մէջ:

Այս առիթով պիտի խնդրենք ընդունիլ մեր եւ մեր ժողովուրդին շնորհակալութիւնը ձեզի եւ ձեր միջոցաւ գերմանացի ժողովուրդին:

Հայ ժողովուրդը յաւէտ երախտապարտ է Ձեզի՝ այս  մարդկային ու քրիստոնէավայել  ձեր կեցուածքին համար:

Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                                                                     Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր                                                                                    Ատենապետ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին