Մայիս 30-ին «Կայուն զարգացման եգիպտական խորհուրդ»-ին կողմէ Գահիրէի մէջ կազմակերպուած էր Հայաստանի տնտեսական զարգացման նուիրուած շնորհանդէս, որուն ծիրէն ներս Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեանը եգիպտացի գործարարներուն ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման շարժառիթները, ներդրումային եւ արտահանման հնարաւորութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը։
ՀՀ դեսպանը խօսած է Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներու ընթացքին արձանագրուած ձեռքբերումներու, տնտեսութեան զարգացման գերակայ ուղղութիւններու, օտարերկրեայ ուղիղ ներդրումներու խրախուսման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն, դրամավարկային քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ առկայ մարտահրաւէրներուն մասին, ներկաներուն ծանօթացուցած է Հայաստանի մէջ գործող ազատ առեւտուրի գօտիներու եւ ԵԱՏՄ անդամակցութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն:
Դեսպան Մելքոնեան անդրադարձած է հայ-եգիպտական տնտեսական յարաբերութիւններուն` առանձնայատուկ ընդգծելով առկայ մեծ ներուժը: Ան առանձնացուցած է երկկողմ համագործակցութեան առաւել հեռանկարային ոլորտները, կարեւորած է գործարար շրջանակներու միջեւ ուղիղ կապերու հաստատումը: Այս ծիրէն ներս ՀՀ դեսպանը բարձր գնահատած է 2014 թուականի Մայիսին «Կայուն զարգացման եգիպտական խորհուրդ»-ին կողմէ կազմակերպուած եգիպտացի գործարարներու այցը Հայաստան եւ յոյս յայտնած, որ նման շփումները շարունակուին նաեւ ապագային:
Դեսպան Մելքոնեանի ելոյթին յաջորդած քննարկման հայ-եգիպտական առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման իրենց տեսակէտները ներկայացուցած են խորհուրդի անդամները, Եգիպտոսի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչները:
Այնուհետեւ ՀՀ դեսպանը պատասխանած է ներկաները հետաքրքրող բազմաթիւ հարցերու:
Տեղեկանք. «Կայուն զարգացման եգիպտական խորհուրդ»-ը տարբեր ոլորտներու գործարարներու միաւորող Եգիպտոսի ամենահեղինակաւոր կազմակերպութիւններէն մէկն է: 2013 թուականին համագործակցութեան յուշագիր ստորագրուած է Եգիպտոս մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Խորհուրդին միջեւ: