Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան անդրադարձած է Պունտըսթակի մէջ Յունիս 2-ին քննարկուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին` յայտարարելով, որ Թուրքիան չունի «այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութեան» խնդիր:
Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արցախփրես»ը՝ վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:
«Մենք այս հարցով հանգիստ ենք: Գերմանիոյ մէջ այս պահուն կը բնակին աւելի քան 3 միլիոն թուրքեր, այժմ մեր յարաբերութիւնները շատ-շատ բարձր մակարդակի վրայ են: Եթէ երկիրը այսպիսի խաղի մէջ ներքաշուի, ապա անիկա ապագային կը վնասէ մեր երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրային, քաղաքական ու ռազմական յարաբերութիւններուն: Կը կարծեմ, որ այս բոլորը հաշուի կ’առնուին», սպառնացած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ Գերմանիոյ Պունտըսթակի կողմէ որոշում ընդունելէ անմիջապէս ետք, թրքական կառավարութիւնը մանրամասնօրէն պիտի ուսումնասիրէ եւ համապատասխան գնահատական տայ անոր: «Սակայն կ՛ուզեմ իմանաք, որ այդ որոշումը միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ մեզի ոչինչ կը պարտադրէ», ըսած է Էրտողան:
Գերմանիոյ Պունտըսթակը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծը պիտի քննարկէ այսօր՝ Յունիս 2-ին: