*ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ*
«Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալն է, քանի որ մեր Հայրենիքը իբրեւ սրբութիւն կ’ընդունինք: Պէտք է բոլորս մեր ուժերը կեդրոնացնելով` Հայաստանի զարգացման մէջ մեր ներդրումը ունենանք: Վստահ եմ, որ Կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր անդամներով` ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորութեամբ, կը շարունակենք նոյն ոգիով առաջ ընթանալ», «Հայերն Այսօր»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յակոբ Անդրէասեան եւ աւելցուց, որ Երուսաղէմի մէջ ծրագիրները Հայ երիտասարդաց միութեան հետ կ’իրականացնեն, որուն նպատակն է Սփիւռքի երիտասարդ սերունդին փոքր տարիքէն հայեցի դաստիարականութիւն փոխանցել եւ անոնց գիտակցութեան մէջ վառ պահել ազգային արժէքները:
Միութեան եւ կուսակցութեան կազմին մէջ ընդհանուր առմամաբ 250 անդամներ ներգրաւուած են: Ակումբէն ներս կը գործեն թատերական խմբակներ, պարախումբեր, կ’իրականանան նաեւ հայապահպանութեան ուղղուած տարբեր ձեռնարկներ: Երիտասարդներուն քաջալերելու, անոնց հայրենասիրական ոգի տալու համար պարբերաբար կ’ուղարկեն Հայաստան` մասնակցելու ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: Այլ ծրագիրով մը եւս Հայաստան կու գան եւ կամաւորական աշխատանքներ կը կատարեն:
Երուսաղէմի հայ համայնքը նոյնպէս քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած դժուարին իրավիճակէն դուրս գալու համար զօրակցած է Արցախին, որուն աշխատանքները համակարգած են Միացեալ յանձնախումբին հետ: Դրամահաւաքներ կազմակերպած են, հանդիպում-քննարկումներ ծաւալած, իսկ երիտասարդներուն ընդգծուած ուշադրութեամբ իրազեկ դարձուցած են ազրպէյճանական սանձարձակ գործողութիւններուն մասին:
Յակոբ Անդրէասեան կարեւոր համարելով ԵՌԱԿ-ի (Երիտասարդ Ռամկավար Ազատական Կուսակցականներ) գործունէութիւնը, հետեւեալը ըսաւ. «ԵՌԱԿ-ը ստեղծուեցաւ բոլոր երիտասարդները միաւորելու համար, պէտք է բոլորս ջանքերը կեդրոնացնենք ու ԵՌԱԿ-ին հետ բուռն աշխատանքներ իրականացնենք: Այժմ քայլեր կը ձեռնարկենք համակարգելու Հայ երիտասարդաց միութեան եւ ԵՌԱԿ-ի համատեղ աշխատանքները: Մեծ յոյսեր ունինք, որ ԵՌԱԿ-ը շատ երիտասարդներ պիտի բերէ Հայաստան»:
«Հայերն Այսօր»