Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ Արցախի մայրաքաղաքի Շարլ Ազնաւորի անուան մշակոյթի կեդրոնի բակին մէջ, տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ մը նուիրուած երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան:
«Արցախփրես»ի թղթակիցին հաղորդմամբ ծրագիրի ծիրէն ներս կազմակերպած են տիկնիկային թատրոն` Շուշիի Մկրտիչ Խանտամիրեանի անուան պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, ԼՂՀ ժողովրդական արուեստագէտ Լէոնիտ Յարութիւնեանի եւ դերասաններու մասնակցութեամբ, նկարչութիւն ասֆալտի վրայ` «Խաղաղութիւնը մանուկներու աչքերով», նկարչութիւն` ջրաներկով, ակուագրիմ, լուսանկարչական մրցոյթ` «Երջանիկ մանկութիւն» խորագիրով:
Այնուհետեւ ռուսական ծաղրանկարի հերոսներ Մաշան եւ Արջը շնորհաւորած ու զուարճացուցած են երախաները, իսկ Ստեփանակերտի մշակութային օճախներու սաներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է տօնական համերգ:
Իր խօսքին մէջ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերու բաժինի պետ Կարինէ Յարութիւնեան շնորհաւորած է բոլոր երեխաները, մաղթած խաղաղութիւն եւ արեւշատութիւն:
«ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունին երախաները գրած են նամակ, որով խաղաղութիւն ու ահոգ մանկութիւն խնդրած են», ըսած է Կարինէ Յարութիւնեան:
«Նման միջոցառումները կը խօսին մեր երկիրի պետականաշինութեան մասին, որովհետեւ մեր երկիրի ապագան այս մանուկներու ձեռքերուն մէջ է, եւ անոնք պիտի ըլլան Արցախը շէնցնողն ու զարգացնողը:
«Այս գեղեցիկ տօնի առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր փոքրիկ արցախցիները եւ կը մաղթեմ անոնց խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ ամենայն լաւն ու բարին», ըսած է Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի կրթութեան եւ մարմնակրթութեան բաժինի վարիչ Կարլէն Մարգարեան:
Ստեփանակերտի Յակոբ Գիւրջեանի անուան արուեստի դպրոցի սան Անի Մանուչարեան, որ մասնակցած է համերգային ծրագիրին նշած է. «Այս օրը ինծի համար իւրայատուկ է. մեր տօնի օրն է: Իմ ընկերներուս կը ցանկամ յաջողութիւններ կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ»:
«Երախաներու տօնը գեղեցիկ օր է բոլորիս համար, որ միայն ու միայն ջերմութիւն ու ծիծաղ կը հաղորդէ երախաներուն եւ ծնողներուն», նշած է Ստեփանակերտի ոստիկանութեան վարչութեան անչափահասներու գործերով բաժնի պետ, ոստիկան Պորիս Ջալաւեան, որ որպէս հայր իր զաւակին հետ եկած էր մասնակցելու տօնական ձեռնարկին:
«Տեսնելով մեր` Արցախ աշխարհի պալիկներու ժպիտները մենք աւելի կը ոգեւորուինք: Մեր բոլոր ջանքերն ու գործունէութիւնը ճիշդ անոր նպատակաուղղուած են: Անոնք են մեր ապագայ զինուորները եւ մեր Հայրենիքը շէնցնողները: Բոլորին կը ցանկամ յաջողութիւն, խաղաղութիւն եւ առողջութիւն», ըսած է Բ. Ջալաւեան: