Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

«Ձեր Շնորհիւ Մենք Վաղը Պիտի Ունենանք Հզօր Հայաստան». Հրանոյշ Յակոբեան

Յունիս 1-ին` ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Երեւանի սիրահարներու այգիին մէջ մասնակցեցաւ Երախաներու  պաշտպանութեան միջազգային օրուան նուիրուած՝ «Երախաներու ձայնը» խորագիրով ձեռնարկին, որ նախաձեռնած էր  «Սէյվ տը չիլտրըն» կազմակերպութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլզը, ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Պերնյարտ Մաթիաս Քիսլերը, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փեոթր Սուիտալսկին, ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան, հասարակական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նաեւ երախաներ եւ ծնողներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Շնորհաւորելով երախաները գեղեցիկ տօնին առթիւ` նախարարը նշեց. «Այսօր ամբողջ աշխարհը կը նշէ ամենավառ, ամենապայծառ տօնը` երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը: Կը ցանկամ, որ աշխարհի բոլոր երախաները առողջ ըլլան, լաւ սորվին եւ ապրին խաղաղ երկինքի տակ: Դու՛ք էք մեր վաղուայ օրը, եւ ես վստահ եմ, որ ձեր շնորհիւ մենք վաղը պիտի ունենանք հզօր Հայաստան»:

Ձեռնարկի պաշտօնական բացման արարողութենէն ետք, նախարարը եւ հիւրերը այցելեցին վրանային ցուցահանդէսներ, որուն տաղաւարներուն մէջ ներկայացուած էին նաեւ սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ ու հրուշակեղէն:

2

3

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին