«Թէկուզ միայն մայր ունենալու համար արժէ աշխարհ գալ»։
Աւետիք Իսահակեան
Աւանդոյթ դարձած ու միշտ բարձր գնահատուած Հ.Բ.Ը.Մ. Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի տարեկան նախաճաշ-ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Մայիս 2016-ին: Սակայն այս տարուանը կը տարբերէր նախորդ տարիներու ձեռնարկներէն իր ներշնչման խորագիրով. այդ օրը մայրերը մեծարելու օր էր, անոնց երախտագիտութիւն յայտնելու ուրախ առիթ մը:
Վարժարանիս սրահը շքեղօրէն զարդարուած էր Տիկնանց Յանձնախումբի ժրաջան անդամներու բարձրորակ ճաշակով ու նուիրական աշխատանքով: Անոնք Կարմիրեանականներու վայել ընդունելութեամբ՝ խորհրդանշական վարդերով ու նուէրներով հիւրերը ուղղեցին իրենց սեղանները: Ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտը կ’ամբողջանար մայրերուն ու մեծ մայրերուն դէմքի ժպիտներով եւ ջերմեռանդ ներկայութեամբ:
Իր շահեկան սիրտի խօսքով բեմ ելաւ Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկին Հուրի Գէօհիւլեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելով խօսքը ուղղեց հայ մայրերուն ըսելով. «Ապրինք, դաստիարակենք ու կրթենք մեր զաւակները այնպէս՝ ինչպէս մենք կ’ուզենք Հայրենիքի պայծառ ուղին ու վերջապէս քրիստոնեայ հայ ընտանիքը»: Տիկին Հուրին շեշտեց, թէ մօր մը ամենաթանկագին նուէրը անոր զաւակին կրթութիւնը, քաղաքավար կեցուածքն ու բարոյական սկզբունքներու գիտակցութիւնն է:
Գեղարուեստական հակիրճ յայտագիրով մը իրենց շէն մասնակցութիւնը բերին վարժարանիս նախակրթարանի ու մանկապարտէզի աշակերտ-աշակերտուհիները: Անոնց գեղեցիկ երգեցողութեան ընկերակցեցան՝ ներկայ մայրերու սիրտերու տրոփիւնի ձայները:
Բերկրանքը եւ գոհունակութեան զգացումները դարձած էին անոնց գնահատանքն ու վարձատրութիւնը:
Բոլորին ակներեւ էր սեղաններու ճոխութիւնն ու հրամցուած համադամ ճաշերը եւ անուշեղէնները: Խանդավառութիւնը բարձր էր, որուն ի հետեւանք ոմանք իրենց սրտաբուխ նուիրատուութեամբ՝ եկան անգամ մը եւս նեցուկ կանգնելու վարժարանիս:
Օրուան բախտաւոր մայրը ընտրուելէ ետք, վիճակահանութիւնը ալ աւելի խանդավառութիւն ստեղծեց ու մեծ թիւով արժէքաւոր նուէրներ բաժնուեցան ներկաներէն բախտաւորներուն։ Ապա փոքրիկները իրենց ձեռային աշխատանքները նուիրելով իրենց մայրերուն՝ սեղմօրէն ողջագուրուեցան անոնց հետ եւ ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին՝ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկին Մարալ Պալեօզեանի շնորհակալական խօսքերով, որ նորանոր ուրախ առիթներով կրկին հանդիպելու մաղթանքներով հրաժեշտ տուաւ բոլորին:
Վարձքը կատար բոլոր տիպար ընտանիք կերտող մայրերուն եւ ի մասնաւորի այս բարձրորակ ձեռնարկը յաջողցնող Տիկնանց Յանձնախումբին: