30 Մայիսի 2016-ին, հարաւային Լիբանանի Շամա բնակավայրը տեղակայուած ՄԱԿ-ի զինաւանին մէջ, ԵՈՒՆԻՖԻԼի՝ UNIFIL (The United Nations Interim Force in Lebanon) խաղաղապահ առաքելութեան արեւմտեան հատուածի կեդրոնակայանին մէջ, տեղի ունեցաւ հայկական զօրախումբերու հերթափոխի պաշտօնական արարողութիւնը:
Մինչ արարողութիւնը դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդիպեցաւ խաղաղապահ առաքելութեան արեւմտեան հատուածի հրամանատար, կիսաբաժինի ընդհանուր զօրավար Արթուրօ Նիթթիին: Հանդիպումին մասնակցեցան հայ խաղաղապահներու 3-րդ եւ 4-րդ զօրախումբերու հրամանատարները: Կայացած զրոյցի ընթացքին Ա. Նիթթին ներկայացուց առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը, առկայ մարտահրաւէրներն ու խնդիրները: Անոր հրամանատարութեան տակ գտնուող հատուածին մէջ կը ծառայեն 13 երկիրներու 3800 զինծառայողներ: Ան դրուատեց հայ խաղաղապահներու մասնագիտական պատրաստուածութիւնը, կարգապահութիւնը եւ բազմազգ միջավայրի մէջ աշխատելու ունակութիւնները: Զօրավար Նիթթին առանձնայատու կերպով նշեց հայկական զօրախումբի միջավայրին արագ ընտելանալու որակը: Ս. Մկրտչեան անդրադարձաւ ՀՀ զինուած ուժերու խաղաղապահ կիսաբաժինի կազմաւորումին, համաձայն ՆԱԹՕ-ի չափանիշներու լիարժէք գործառնական կարողութիւններու ձեւաւորումին, Քոսովոյի ուժերուն եւ Աֆղանիստանի գործողութիւններուն մասնակցութեան փորձառութեան: Զրուցակիցները անդրադարձան ՄԱԿ-ի խաղաղապահութեան զարգացումի հեռանկարներու մասին եւ խաղաղապահութեան շրջանակներու ընդլայնումին անհրաժեշտութեան:
Պաշտօնական արարողութեան ծառայութիւնը աւարտող հայ խաղաղապահներու 3-րդ զօրախումբը, իր լիազօրութիւնները փոխանցեց Լիբանան ժամանած յաջորդ 4-րդ զօրախումբին: Միջոցառումին ելոյթներով հանդէս եկան կեդրոնակայանի հրամանատար՝ կիսաբաժինի զօրավար Արթուրօ Նիթթին, կեդրոնակայանի մարտական աջակցութեան վաշտի հրամանատար փոխգնդապետ Ջուզեփփէ Անեկկան եւ հայ խաղաղապահներու 3-րդ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Գէորգ Սայադեանը:
Զօրավար Արթուրօ Նիթթին շնորհակալութեան յայտնեց հայ խաղաղապահներուն՝ բարեխիղճ եւ բարձր մակարդակով ծառայութիւն իրականացնելու համար, գնահատանքով խօսեցաւ անոնց կարգապահութեան եւ ծառայողական պատրաստուածութեան մասին: Կիսաբաժինի զօրավարը շնորհաւորեց տուն վերադարձող հայ խաղաղապահները եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց պարտականութիւնները ստանձնող նոր զօրախումբին:
Պաշտօնական հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ հայ խաղաղապահներու 3-րդ զօրախումբի զինծառայողներու պարգեւատրումով: Վերջիններուս յանձնուեցան ՄԱԿ-ի յատուկ մետալներ` առաքելութիւնը յաջող աւարտելու կապակցութեամբ:
Միջոցառումին ներկայ էին Լիբանանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչը, զինաւանի սպայական անձնակազմը, կեդրոնակայանի առաքելութիւնը իրականացնող այլ երկրներու խաղաղապահներ: