Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ներկայ գտնուած է Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողի բացման արարողութեան: Յուշակոթողը Թաթուլ Կրպէյեանի անուան զբօսայգիին մէջ տեղադրուած է Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ: Յուշակոթողի հեղինակն է քանդակագործ Վարդան Յարութիւնեան:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` վարչապետ Աբրահամեան ծաղիկներ զետեղած է յուշակոթողին եւ արցախեան հերոսամարտին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն` յարգանքի տուրք մատուցելով անոնց յիշատակին: