Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ, թրքական ծագումով գերմանացի պատգամաւոր Ճեմ Օզտեմիր մեկնաբանութիւններ ըրած է՝ այս շաբաթ Պունտըսթակի մէջ քուէարկութեան դրուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին վերաբերեալ: Ըստ ermenihaber.am-ի թրքական «Զաման» թերթի կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Օզտեմիր կարծիք յայտնած է, որ Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանական կուսակցութիւնները պիտի հաստատեն իրենց կողմէ համատեղ մշակուած օրինագիծը:
Անդրադառնալով նաեւ պատմական փաստերու ուսումնասիրման նպատակով յատուկ յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ Էրտողանի առաջարկին` Օզտեմիր զայն անիմաստ համարած է: «էրտողանը պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով կը պահանջէ: Թուրքիան համատեղ յանձնաժողվի վերաբերեալ Ցիւրիխի արձանագրութիւններու ծիրէն ներս կարեւոր արդիւնքի հասած էր: Բայց ցաւօք Էրտողանը թոյլ չտուաւ, որ այդ արձանագրութիւնները կեանքի կոչուին, թէեւ ատոր մէջ Տաւուտօղլուի ստորագրութիւնը դրուած էր», յիշեցուցած է քաղաքական գործիչը:
Դիմելով Անգարային Օզտեմիր շեշտած է, որ Թուրքիան պէտք է յստակացնէ, թէ հայկական հարցի ծիրէն ներս յստակօրէն ի՞նչ կ՛ուզէ: Ըստ գործիչին Ցիւրիխի արձանագրութիւնները ստորագրելն ու յետոյ անկէ հրաժարիլը՝ Թուրքիոյ կողմէ ճիշդ քայլ չէր եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը այս հարցով զիկզակաձեւ է:
Վերջաւորութեան Կանաչներու համանախագահը աւելցուցած է, որ իր մայրը հայկական հարցի վերաբերեալ միշտ որպէս օրինակ պատմած է՝ Քիւթահիայի կառավարիչին պատմութիւնը, որ ընդդիմացած էր հայերու տեղահանութեան: Օզտեմիր բոլորին կոչ ըրած է ընդունելու տեղի ունեցածը: Ան նաեւ նշած է, որ ուրիշներուն գիտակցաբար վնաս տալը հարիր չէ իսլամին, որ իրեն իր մայրը սորվեցուցած է: