Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հոգի

*ՆՈՐԱՅՐ  ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ*

1520 թուականն է, Վա­նայ ծո­վէն ո՛չ շատ հե­ռու՝ Խա­­ռակո­­նիս գիւ­­ղի Ս. Թէոդո­­րոս եկե­­ղեցին։ Նահապետ Քու­­չա­­­կը հա­­զիւ քսան-քսան­­հինգ տա­­րեկան նրբա­­հոգի երի­­տասարդ, իր սի­­րածի պայծառ ժպի­­տէն ներշնչուած՝ աշուղ դար­­ձեր է։ Վկան՝ իր նո­­րագոյն հայ­­րե­­­նը, որուն չորս տո­­ղի վաթ­­սուն հո­­գեգ­­րաւ վան­­կե­­­րու մէջ ամ­­փո­­­փած է իր սէ­­րը։

«Ես աչք ու դու լոյս, Հո­­գի, առանց լոյս՝ աչքն խա­­ւարի…»։

-Պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, այս լեռ­­նե­­­րուն մէջ ապ­­րած են եւ կը շա­­րու­­նա­­­կեն ապ­­րիլ անապատա­­կան­­ներ, ճգնա­­ւորներ, վա­­նական­­ներ, որոնք «հո­­գի»ն եր­­կինքնե­­րու մէջ փնտռած են։ Մինչդեռ ես՝ զայն գտայ մեր գիւ­­ղին մէջ. գե­­ղեցիկ հո­­ղեղէն մը, աչե­­րը ծո­­վէն առած, ունքե­­րը՝ թուխ ամ­­պէն, երե­­սը՝ վար­­դի կար­­միր տե­­րեւէն, բե­­րանը շա­­քարով լի, որուն լու­­սա­­­ւոր ծո­­ցը բա­­նաս­­տեղծ դառ­­նալ կը պար­­տադրէ ինծի։

«Ես ձուկ ու դու ջուր, Հո­­գի, առանց ջո՛ւր՝ ձու­­կըն մե­­ռանի…»։

-Պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, այս լի­­ճին մօտ ապ­­րած են մեծ բա­­նաս­­տեղծներ, որոնք սի­­րած են խօսիլ Վե­­րինին հետ։ Մինչդեռ ես՝ կը սի­­րեմ գի­­շեր ու ցե­­րեկ խօ­­սիլ իմ եա­­րին հետ ու եր­­գել անոր գե­­ղեց­­կութիւ­­նը։

«Երբ զձուկն ի ջրէն հա­­նեն, ւ՛ի այլ ջուր ձը­­գեն, նայ ապ­­րի,

«Երբ զիս ի քե­­նէ զա­­տեն, քան զմեռնելն այլ ճար չի լի­­նի»։

-Նա­­հապե՛տ, չենք գի­­տեր, թէ սի­­րոյ հո­­վը ուրկէ՛ կը փչէ, այդ գե­­ղեցիկ երկրա­­ւոր «հո­­գի»ն ուրկէ՛ կը յայտնուի ու կը զգլխէ մարդս։ Սա­­կայն ստու­­գա­­­բանու­­թիւնը ու­­նի յստակ պա­­տաս­­խան «հո­­գի» բա­­ռի ծա­­գու­­մին հա­­մար, ըստ որուն զայն պէտք չէ փնտռել հե­­ռու­­նե­­­րը։

«ՀՈ­­ԳԻ»ն բնիկ հայ­­կա­­­կան բառ է։ Նախ­­նա­­­կան ձեւն է հնդեւ­­րո­­­պական նա­­խալե­­զուի արմատ pneu/peu, «փչել, շնչել»։ Ցե­­ղակից­­ներն են «հեւ» եւ «հոգ»։ Յու­­նա­­­րէն տար­­բե­­­րակն է pnoe շունչ, ուրկէ
pneuma բա­­ռը «հով, օդ, քա­­մի»։ ՀՈ­­ԳԻ բա­­ռը, ուստի, բուն կը նշա­­նակէ «փչիւն, շունչ»։ Լեզուաբան­­նե­­­րու մեկ­­նա­­­բանու­­թեամբ, նե­­րառեալ Հրա­­չեայ Աճա­­ռեանի՝ նախ­­նա­­­կան մար­­դու համար միեւ­­նոյնն էր «հո­­գի, քա­­մի, շունչ, օդ, փչիւն» գա­­ղափար­­նե­­­րը։

-Կը հա­­ւատամ ձեր ըսած­­նե­­­րուն, քա­­նի որ աշուղնե­­րու ներշնչումն է քա­­մին սա դի­­մացի Սի­­փան լե­­րան եւ հո­­վը մեր Բզնու­­նեաց ծո­­վուն։

-Բա­­ռը դար­­ձեր է ներշնչում նաեւ մեր լե­­զուին հա­­մար. սկսե­­լով Ոս­­կե­­­դարէն՝ ու­­նե­­­ցեր ենք պատկերալից բա­­ռեր. հո­­գեխառն, հո­­գեկ­­րօն, հո­­գեմարտ, հո­­գեւո­­րացու­­ցա­­­նել, հե­­զահո­­գի, դառնահոգի, եր­­կայնա­­հոգի…։ Ապա Միջ­­նա­­­դարուն եւ նոր դա­­րերուն՝ հո­­գիանալ, հոգովացուցանել, հո­­գեբա­­ժին, հո­­գեբան, հո­­գեզ­­մայլ, հո­­գեհա­­տոր, հո­­գեհա­­րազատ, հո­­գաբար­­ձու, հո­­գեհան­­գիստ, հո­­գեմաշ, հո­­գեշ­­նորհ, հո­­գեարար, հո­­գեվարք, հո­­գէառ։ Ար­­մա­­­տի երկրորդ ձեւն է ՈԳԻ, որ ոգե­­ւորած է մեր մա­­տենա­­գիր­­նե­­­րը. ոգե­­կորոյս, ոգե­­շունչ, կա­­թոգին, ոգե­­լից…։

-Ճշմար­­տութիւ­­նը պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, անոնք բա­­ռեր չեն։ Մենք ենք։ Մեր եր­­կու օրուայ կեան­­քե­­­րու ապ­­րումնե­­րը, իր բո­­լոր հա­­ճոյքնե­­րով, թե­­րու­­թիւննե­­րով։ Հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րու համոզումն է, թէ առանց հո­­գիի կեանք չկայ։ Ես «հո­­գի»ով կը հասկնամ իմ սի­­րածը, այնքան ատեն որ կեն­­դա­­­նի եմ։

-Նա­­հապե՛տ, քա­­նի՞ հատ հայ­­րեն գրած ես։

– Շատ չէ։ Խորքն է կա­­րեւոր։ Խնդիրն այն է, որ աշուղնե­­րու գրա­­ծը գա­­ւառէ գա­­ւառ կը տա­­րածուի ու եր­­բեմն կը կորսնցնէ իր հե­­ղինա­­կին անու­­նը։ Կա­­րելի է, որ դա­­րեր անց, ու­­րի­­­շի գրածն ալ մարդիկ կար­­դան վե­­րագ­­րե­­­լով իմ անու­­նիս, անար­­ժան Քու­­չա­­­կին։

-Գա­­ւառէ գա­­ւառ կը շրջի նոյնպէս «ՀՈ­­ԳԻ» բա­­ռը։ Չես գի­­տեր որ քա­­մին կը փչէ, կը տա­­նի զայն հեռու­­ներ…։ Խար­­բերդցին իր սի­­րածը կը կան­­չէ՝ Հօ­­գիս, մշե­­ցին՝ Հօ­­կիս, տիգ­­րա­­­նակերտցին՝ Հօքքիս, ար­­ցախցին՝ Հիւ­­քիս, Հէօքիս, հա­­ճըն­­ցին՝ Հիգ­­գիս, զէյ­­թունցին՝ Հիգ­­գէս, սվե­­տիացին՝ Հիգքաս։

-Իսկ Հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի մեր կող­­մե­­­րը «հ»ն դար­­ձուցեր ենք «խ» հնչիւ­­նի։ Սալ­­մաստցի­­ները կ՛ըսեն «խօ­­քի», մա­­րաղա­­ցինե­­րը «խօ­­քը», մոկքցի­­ները «խո­­կէ»։ Իսկ լու­­սա­­­հոգի մայրս, -ինչպէս բո­­լոր վա­­նեցի­­ները-, կ՛ըսէր «խո­­կի»։

-Նա­­հապետ, եր­­կու հա­­րիւր տա­­րի ետք պի­­տի յայտնուի ու­­րիշ մէկ աշուղ, սի­­րոյ եւ հո­­գիի մեծ երգիչ, ու պի­­տի ըսէ.

Յի­­րիք բան կայ՝ հո­­գու, մարմնու կար­­քումն է՝

Գիր սի­­րէ, ղա­­լամ սի­­րէ, տաֆ­­թար սի­­րէ։

-Պա­­րոն ստու­­գա­­­բանու­­թիւն, կը հա­­ւատամ, թէ հո­­գին ան­­մահ է, ինչպէս սէ­­րը։ Երբ մա­­հանամ կ՚ուզեմ հան­­գիստ առ­­նել այս սուրբ տա­­ճարի պա­­տին տակ, ու եր­­գե­­­րովս ոգե­­ւորել բո­­լոր սերունդնե­­րը։

1592 թուականն է։ Քու­­չա­­­կը մա­­հացած է մօտ հա­­րիւր տա­­րեկան։ Ար­­դէն ուխտա­­տեղի է դար­­ձած հայ­­րե­­­նի եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տի տակ զե­­տեղուած իր շի­­րիմը։ Անոր առ­­ջեւ ան­­ցորդնե­­րը կը յի­­շեն աշուղի վեր­­ջին շունչով եր­­գած հայ­­րե­­­նը.

Հո­­գիս ի մարմնոյս ելաւ, նա նըս­­տա առ­­ջեւն ու լա­­ցի.

«Ա՛յ հո­­գի, դու ո՞ւր կ՛եր­­թաս, երբ քեզ­­նո՛վ եմ ես կեն­­դա­­­նի՛»։

Հո­­գիս ալ մարմնոյս ասաց. «Ես ըզ­­քեզ խի­­կար կու գի­­տի՛.

Երբ տունն ի քա­­կել առ­­նու, տէ­­րըն ներսն այլ ի՞նչ բան ու­նի»։

«Ակօս»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին