Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Նորընտիր Անդամները

Մայիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) կեդրոնական վարչութեան նորընտիր անդամները` վարչութեան ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով կուսակցութեան վարչութեան նորընտիր ատենապետը` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց. «Երկար տարիներ ճանաչում եմ պարոն Նահապետեանին, ով Արգենտինայի հայ համայնքում արել է ամէն ինչ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ: Ուրախ եմ, որ փոխատենապետ ընտրուեց Լեւոն Պլըքեանը` Սիրիայից, իսկ վարչութեան ատենադպիր դարձաւ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը»:

Նախարարը համոզում յայտնեց, որ միաւորուած ուժերով ՌԱԿ-ը կը հզօրանայ եւ կը վերականգնէ նախկին ուժն ու հեղինակութիւնը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կուսակցականներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց չորս ռազմավարական խնդիրներու վրայ: Ան նշեց, որ ՌԱԿ-ը ներկայացուած ըլլալով Սփիւռքի գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ, պէտք է ընէ ամէն հնարաւորը Արցախի անկախութեան ճանաչման համար: «Համոզուած եմ, որ համախմբուած ուժերով դուք աւելի արդիւնաւէտ պիտի աշխատէք: Միւս կարեւոր առաջնահերթութիւնը 100 տարի անց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի շարունակութիւնն է, որը մենք պարտաւոր ենք միացեալ ուժերով հասցնել մեզ համար ցանկալի աւարտին: Բոլորիս գլխաւոր խնդիրը պէտք է լինի Հայաստանի հզօրացումը, որի համար պէտք է օգտագործուի նաեւ Սփիւռքի ներուժը: Եթէ Սփիւռքի մեր հայրենակիցները բիզնես ստեղծեն Հայաստանում, ապա եւ՛ իրենք շահ կը ստանան, եւ՛ կը նպաստեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացմանը, աշխատատեղերի աւելացմանը, – ընդգծեց նախարարը` աւելցնելով, – անպայման ուշադրութեան կենտորնում պէտք է պահել Սփիւռքի ուծացման խնդիրը: Այդ վտանգին դիմագրաւելու միջոցը մեր երեխաներին Մեսրոպեան հայերէնը սովորեցնելն է: Մենք ջանք ու եռանդ չպէտք է խնայենք` ընտանիքներում, կրթական, մշակութային օճախներում հայերէնով հաղորդակցուելու համար: Մեր երեխաները պէտք է տեսնեն Հայաստանը, ճանաչեն իրենց Հայրենիքը, եւ միայն այդ դէպքում նրանք իսկապէս կը կապուեն մայր հողին»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` ատենապետ Սերխիօ Նահապետեան նշեց. «Երախտապարտ ենք Ձեզ մեր պատգամաւորական ժողովի բացման մասնակցելու եւ ՀՀ Նախագահի ուղերձը ներկայացնելու համար»:

Սերխիօ Նահապետեան հաւաստիացուց, որ կուսակցական ըլլալը կ’ենթադրէ ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանք: «Տիկի՛ն նախարար, ինչպէս նշեցիք, մենք համախմբուած աշխատելու կարիքը ունինք, պէտք է  նաեւ համագործակցինք սփիւռքի այլ կազմակերպութիւններու հետ` համահայկական նշանակութեան հիմնախնդիրները լուծելու նպատակով», – ըսաւ նորընտիր ատենապետը:

Ան նշեց, որ Երիտասարդական ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ԵՌԱԿ) ներկայացուցիչները այսօր կը գործեն շատ խանդավառ, որ մեծապէս կ’ոգեւորէ աւանդական հայ կուսակցութեան տարեց սերունդը:

«Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, վարչութեան  նորընտիր ատենադպիր Սեւակ Յակոբեան նշեց, որ թերթը մշտապէս կ’անդրադառնայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան, եւ «Զարթօնք»-ի ընթերցողները տեղեակ են ու  կը մասնակցին Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն:

Այնուհետեւ Երիտասարդական ՌԱԿ ներկայացուցիչ (ԵՌԱԿ) սուրիահայ Ալեքսան Քարատանայեան իր կուսակից 50 հայրենադարձուած  ընտանիքներու անունէն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` անցած չորս տարիներուն ընթացքին Հայրենիքի մէջ հաստատուելու բոլոր հարցերուն աջակցելու համար:

Ներկաները հաւաստիացուցին, որ ամէն ջանք պիտի ներդնեն` տարուան մէջ մէկ անգամ Հայաստան հաւաքուելու, ինչպէս նաեւ Հայրենիքի մէջ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ աշխատանքները Սփիւռքի մէջ կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Հանդիպման աւարտին ներկաները դիտեցին նախարարութեան ծրագիրներուն մասին պատմող կարճ տեսաֆիլմ:

4

5

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին