Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հայ Աւետարանական Գոլէճի Աշակերտական Ցուցահանդէսը Եւ «Ծիրանի» Երգչախումբի Ելոյթը

27 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Հայ Աւետարանական Գոլէճի (ՀԱԳ) աշակերտները հանրութեան ներկայացան ցուցահանդէսով եւ համերգով:

Հայ Աւետ.  Ա.  Եկեղեցւոյ սրահի մուտքին՝ Ֆապրիանոյի մրցանակակիր աշակերտներուն յանձնուեցան իրենց մրցանակները, ապա եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Հրայր Չոլագեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Պր. Ներսէս Պաղտոյեան, տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան եւ արուեստի ուսուցիչ Պր. Վազգէն Մուղալեան կատարեցին ցուցահանդէսին բացումը: Գոլէճի աշակերտները՝ մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ, ցուցադրեցին տարուան ընթացքին իրենց պատրաստած բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւնները՝ ձեռային աշխատանքներ, գեղանկար, գիտական աշխատանքներ, զանազան նիւթերով որմազդներ եւն.:

Ցուցահանդէսէն յետոյ նոյն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Գոլէճի «Ծիրանի» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Տիկին Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ 11րդ դասարանի աշակերտուհի Քրիստին Մա’ամարպաշի:

Տնօրէնին բացման խօսքէն ետք 33 անդամներ հաշուող երգչախումբը, ներկաներուն հրամցուց հայերէն եւ անգլերէն երգերու փունջ մը, զանազան նիւթերով՝ հոգեւոր, ազգային, մանկական եւն., մինչ 4 աշակերտներ, սրամիտ երկխօսութիւններով կը ներկայացնէին յայտագիրը: Յատկանշական էին առաջին դասարանի մանուկներուն յատուկ ելոյթը եւ միջնակարգի 3 աշակերտներու՝ Անթօնի Օպէյտի, Նարինէ Պասթաճեանի եւ Գառնի Քէօշկէրեանի կատարած մեներգները:

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Վեր. Չոլագեանի շնորհաւորութեան խօսքով եւ օրհնութեան աղօթքով:

Արտադասարանային գործունէութիւնները կարեւոր մաս մըն են կրթադաստիարակչական համակարգին եւ ուրախալի է, որ ՀԱԳ-ը կը յարատեւէ այդ ուղիին մէջ՝ վերոյիշեալ ելոյթներով, ատենամարզանքներով, աշակերտական 3 հրատարակութիւններով, մարզական եւ ակումբային զանազան գործունէութիւններով:

AEC Choir

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին