Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ձեզ։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Դիւանին Մեզի ուղղած 25 Ապրիլ 2016 թուակիր նամակէն ուրախութեամբ իմացանք, որ կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը պիտի գումարուի 26-27 Մայիս 2016-ին։
Ընդառաջելով Դիւանի խնդրանքին, Հայրապետական սոյն Օրհնութեան Գիրով ձեզի հետ կ’ուզենք բաժնել մի քանի մտածումներ՝ ի խնդիր մեր ազգային գերագոյն իտէալներու իրագործման ու Հայրենիքի եւ Սփիւռքի առաւել հզօրացման։
1) Մեր ժողովուրդը կը գտնուի իր ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական հանգրուանին։ Հայաստանը կը դիմագրաւէ տնտեսական, ապահովական եւ այլ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ։ Մեր հերոսներու արիւնով ազատագրուած Արցախը կը գտնուի լուրջ դժուարութիւններու դիմաց, յատկապէս վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած զարգացումներու լոյսին տակ։ Մեր ազգային դատը Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ յետոյ հրամայական անհրաժեշտութիւնը ունի վերարժեւորման՝ ներկայ աշխարհի պայմաններու դիմաց մարտավարական ու ռազմավարական նոր մօտեցումներու որդեգրումով։ Իսկ Սփիւռքը, որ կը կազմէ մեր ժողովուրդի շուրջ երկու երրորդ համեմատութիւնը, համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ իր ինքնութիւնը պահելու մնայուն պայքարի մէջ է։ Մեր պատմութեան ընթացքին մեր գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման ի խնդիր մնայուն պայքարի մէջ եղած ենք։ Այսօր եւս, եւ աւելիո՛վ, նոյն կացութեան մէջ կը գտնուի մեր ժողովուրդը։ Արդ, մեր ազգին ղեկավարները, քաղաքական թէ կրօնական, կոչուած են ընդհանուր տեսութիւններէն ու արժեւորումներէն անդին՝ քննական եւ իրապաշտ մօտեցումով ծրագրել մեր ժողովուրդի ու Հայրենիքի կեանքի յառաջիկայ հանգրուանները։
2) Այս հայեցակէտէն դիտելով մեր կեանքի ներկայ հանգրուանը, առաջին հերթին մեծապէս հրամայական կը նկատենք մեր ազգի կարողականութեան ու ներուժին համախմբումը եւ ներդաշնակումը համազգային ու առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող ծրագիրներու եւ աշխատանքներու շուրջ։ Ցարդ չյաջողեցանք այս իմաստով գործնական լուրջ ու համապատասխան քայլերու դիմել։ Արդարեւ, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան միտող նախաձեռնութիւնները, համահայկական համագումարները, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կատարուած միատեղ աշխատանքները, չկրցան մեր ազգի ներուժը համադրող եւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս նոր հունաւորումներ յառաջացնող համահայկական մտածելակերպեր մշակել ու գործընթացներ յառաջացնել։ Անոնց դրական ազդեցութիւնները եղան սոսկ պարագայական ու ժամանակաւոր։ Արդ, անհրահեշտ է համահայկական առաջնահերթութիւն ներկայացնող խնդիրներու շուրջ այնպիսի գործընթացներ յառաջացնել, Հայաստանի Նախագահին գլխաւորութեամբ ու մեր կրօնական, կուսակցական ու քաղաքական ղեկավարներու եւ ուժերու գործօն մասնակցութեամբ, որով կարելի ըլլայ համազգային մաշտապով եւ հետեւողական ու ծրագրուած մօտեցումով դիմագրաւել մեր տագնապները։
3) Ազգային պահաջատիրութիւնը մեր ժողովուրդը համախմբող հզօր գործօն է։ Ան նաեւ մեր կենցաղակերպին, մտածելակերպին ու գործելակերպին իւրայատուկ որակ եւ ոճ, իմաստ ու արեւելում տուող մարտահրաւէր է։ Ազգային պահանջատիրութիւն ըսելով Մենք անձնապէս առաջին հերթին կը հասկնանք ներկայ Հայաստանի հզօրացումը։ Արդարեւ, եթէ այս կտոր մը հողին վրայ մենք չդառնանք հզօր պետութիւն, եւ եթէ Սփիւռքը Հայաստանին նկատմամբ իր ազգային պատկանելիութիւնը գործնապէս չարտայայտէ՝ մասնակից դառնալով պետական կառոյցներու ամրապնդման, մեր ազգային պահանջատիրութեան հիմքը պիտի դառնայ խախուտ։ Պէտք է քաջութիւնը ունենանք մեր թերութիւնները ճիշդ տեսնելու եւ յստակօրէն արտայայտելու։ Յատկապէս արտագաղթը եւ փտածութիւնը կրնան մեր Հանրապետութեան հիմքերը մաշեցնել, եթէ ազդու միջոցներով անոնց առաջքը չառնուի։ Մեր ազգային պահանջատիրութեան ծիրէն ներս, Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ամրացումը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքի ամրապնդումը՝ էական ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւններ են։ Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը մեր ժողովուրդին համար կը մնան ամէնօրեայ պայքար։ Մեր դատողութեամբ եթէ կատարուած մատնանշումներու գծով լուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի չունենան եւ կատարուած քննարկումները մնայուն գործընթացի չվերածուին՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով եւ աշխատանքի բաժանումով, մեր ազգն ու Հայրենիքը կրնան նորանոր տագնապներու դիմաց գտնուիլ։
4) Համահայկական տարողութեամբ կատարուելիք յիշեալ աշխատանքները կը պահանջեն փոխադարձ հասկացողութիւն ու սերտ գործակցութիւն մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Միասնականութիւնը, ինչպէս յաճախ շեշտած ենք, միաձեւութիւն չէ։ Մենք պէտք է մեր բազմազանութիւնն ու զանազանութիւնը պահենք որպէս հարստացուցիչ ազդակ, հեռու մնալով սակայն մեզ իրարմէ բաժնող ու հեռացնող, մեր կեանքէն ներս հակասութիւններ ու բեւեռացումներ յառաջացնող մտածելակերպերէ եւ գործելակերպերէ։ Ներդաշնակուած զանազանութիւնն ու տարբերութիւնը համահայկական ծրագիրներու իրագործման ճամբուն վրայ մեծապէս օգտակար կրնան ըլլալ։
5) Վստահ ենք, որ Մեր արծարծած հարցերը լայն տեղ գրաւած են ձեր կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրակարգերուն վրայ։ Կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած յիշեալ երեք կուսակցութիւններու միջեւ սերտ գործակցութիւնը՝ կրնայ մեծապէս կարեւոր նպաստ բերել մեր համազգային իղձերու իրագործման։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի գումարման առիթով Մեր բարձր գնահատանքը կ՛ուզենք յայտնել ձեզի։ Դուք մեր կեանքի զանազան մարզերէն ներս կարեւոր ներդրում ունեցած էք, հաւատացած էք մեր կեանքէն ներս հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերին, հաւատաևցած էք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իւրայատուկ առաքելութեան յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Վստահաբար Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը առիթ պիտի հանդիսանայ ձեզի՝ մեր կեանքի ներկայ պայմաններուն ու հրամայականներուն դիմաց վերարժեւորումի եւ վերածրագրումի ենթարկելու ձեր կուսակցութեան գործունէութիւնը, մեր համահայկական ծրագիրներու եւ իտէալներու իրագործման աւելի ազդու մասնակցութիւն բերելու յանձնառութեամբ։ Յաջողութիւն ձեզի։ Աստուած օրհնէ ձեզ։
Հայրական սիրոյ ջերմ ողջունիւ՝
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
20 Մայիս 2016
Անթիլիաս, Լիբանան