Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Իշխանութիւնները Փոփոխական Են Մինչ Հայրենիքը Յաւիտենական…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մանաւանդ հայրենի կամ Հայրենիք  վերջերս հաստատուածներուն «բարի» սովորութիւններէն է՝ Հայրենիքն ու անոր իշխանութիւնները վարկաբեկող յայտարարութիւններ կատարել «Ֆեյսպուք»ի իրենց էջերուն վրայ:

Երբեմն արդարացի կամ շատ յաճախ ալ չափազանցուած ու անտեղի այս պոռթկումները ես կը հաւատամ, որ ոչ մէկ օգուտ կրնան բերել իրավիճակին: Ընդհակառակը՝ կը վնասեն թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ հայութեան շահերուն:

Հետեւաբար մեր սիրելի հայրենակիցներուն իմ ազնիւ խորհուրդս է այսուհետ, ամէն օր բացի մտահոգիչ ու զզուելի քաղաքական կամ ընկերատնտեսական ժխտական «նորութիւններէ»՝ գոնէ մէկ լաւ տեղեկատուութիւն ալ տարածել, որ աշխարհ իմանայ, թէ մեր Հայրենիքի մէջ լաւ բաներ ալ կը կատարուին…:

Քննադատելը ընդունելի է, եթէ ան սրտցաւօրէն կ՛ըլլայ եւ թիրախ կ՛ունենայ յոռի երեւոյթ մը կամ ժխտական գործունէութիւն տանող անձնաւորութիւն մը, սակայն երբե՛ք Հայրենիքը։ Հայրենի պետութիւնը պէտք չէ շփոթել իշխանութեան հետ, որ փոփոխական է, մինչ Հայրենիքը՝ յաւիտենական։

Յուսամ լաւ հասկցանք իրար սիրելի ընթերցող։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին