Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Վարչապետը Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Հարցով Դիմած է Անկելա Մերքելին

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի Յունիս 2-ին Պունտըսթակի մէջ տեղի ունենալիք քննարկումներուն ու քուէարկութեան, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:

Թուրքիոյ կառավարութեան ղեկավարը իր գերմանացի պաշտօնակցին յայտնած է, որ իրենք այդ հարցով Գերմանիոյ կառավարութենէն ու Պունտեսթակէն ողջամիտ վերաբերում կ՛ակնկալեն:

Ըստ թրքական «Karar.com» լրատուակայքին` Եըլտըրըմ մասնաւորաբար ըսած է. «Թուրքիոյ կառավարութիւնն ու Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող միլիոնաւոր թուրքերը, անհանգստութեամբ կը հետեւին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ անհիմն ու անիրաւ քաղաքական վճիռներ պարունակող նախաձեռնութեան: Մենք այս հարցով Գերմանիոյ կառավարութենէն ու խորհրդարանէն ողջմիտ վերաբերում կ՛ակնկալենք»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին