27 Մայիս 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, աշակերտներու կրթանպաստի ապահովման վերաբերեալ համաձայնագիր մը կնքեց «Մուքահալ» բարեսիրական հիմնադրամին հետ, որուն համաձայն հիմնադրամը Մեսրոպեանի համար յատուկ ստեղծուած ծրագիրով մը, որպէս սկիզբ տարեկան 15 հազար ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն պիտի կատարէ կարիքաւոր աշակերտներու ֆոնտին: Հիմնադրամը արդէն իսկ ընթացիկ տարուան համար կատարած է նոյն չափի օժանդակութիւն, որմէ հաւասարաչափ օգտուած են 50 աշակերտներ:
Համաձայնագիրը կնքուեցաւ «Մուքահալ» հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահ պարոն Ուիսամ Մուքահալի եւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի միջեւ, վարժարանի «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի ընթացքին, որուն նախագահեց Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ ծ.վ . Եղիայեան:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ. «Այսօր տօնական օր մըն է Մեսրոպեանի համար, որովհետեւ կը յայտարարենք ծնունդը Մեսրոպեանէն ներս պարոն Ուիսամ Մուքահալի «Ռաֆիք» անունով բարեսիրական ծրագիրին, որուն շրջանակներուն մէջ ան իր բարերարութեան կը հաղորդէ կանոնաւոր եւ տեւական բնոյթ: «Ռաֆիք» ծրագիրով պարոն Մուքահալ կը դառնայ ընկեր եւ բարեկամ Մեսրոպեանին»: Տնօրէնը յայտնեց, որ «Ռաֆիք» անուանումի հաստատման մէջ իր կարեւորագոյն տեղը ունի վարժարանի մեծ բարերարներէն եւ պարոն Մուքահալի անձնական բարեկամ պարոն Վարուժ Ներկիզեանը, իբրեւ ներշնչման աղբիւր եւ իբրեւ օրինակ:
Պարոն Մուքահալ իր հերթին ըսաւ, որ Մեսրոպեանի նման հոգածու եւ զարգացման հաւատացող կրթական հաստատութեան մը զօրակցիլը՝ գոհունակութեան խոր ապրում մը կը ծնի իր մէջ: Ան մեծապէս գնահատեց հաստատութեան ի գործ դրած ջանքերն ու արձանագրած յաջողութիւնները՝ յատկապէս ընկերային ու տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներու զաւակներուն համար: Վարժարանի զանազան բաժանմունքներ կատարած շրջայցէն ետք, ան դիտել տուաւ, որ ակնյայտ է Մեսրոպեանի մէջ կրթութեան պայմանները իտէալականի հասցնելու պատասխանատուներուն ճիգը, որուն արդիւնքներէն օգտուողները նոր սերունդի զաւակներն են՝ իրենց երկիրին ու համայնքին վաղուայ յոյսն ու ապաւէնը:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի