Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

«Գերմանիան Կը Հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Իսկ Թուրքիան Քնացած է». Թուրք Յօդուածագիր

Թուրք յօդուածագիր Ուղուր Տիւնտար «Գերմանիան կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը իսկ Թուրքիան քնացած է» վերտառութեամբ իր յօդուածին մէջ, ներկայացուցած է Գերմանիոյ կողմէ բանաձեւի հաւանական ընդունման նպաստող պատճառներուն մասին իր եւ դիւանագէտ, նախկին դեսպան Շիւքրիւ Էլեքտաղի տեսակէտը:

Տիւնտար կարծիք յայտնած է, որ Անգարան իրեն համար կենսական նշանակութիւն ունեցող այս խնդիրը աչքաթող ըրած է` մէկ կողմէ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԲԿ-PKK) դէմ պայքարի, միւս կողմէ վարչապետի փոփոխութեան պայմաններուն մէջ ստեղծուած անկայունութեան հետեւանքով: Տիւնտար նշելով, որ գերմանական մամուլին մէջ բանաձեւի ընդունման մեծ հաւանականութեան մասին լուրեր կը շրջանառուին, խիստ մտահոգիչ կը համարէ այն հանգամանքը, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի, կառավարութեան եւ լրատուամիջոցներու կողմէ այս ամէնուն հակազդող պատշաճ միջոցներ չեն իրականացուիր:

Թուրք դիւանագէտ Շիւքրիւ Էլեքտաղն ալ նշած է, որ Գերմանիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան հաւանական ընդունման հիմնական պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ այն, թէ այդ երկիրը, որ իրականացուցած է հրեաներու ցեղասպանութիւնը ու այժմ կը հանդիսանայ աշխարհի մէջ ամենամեծ յանցագործութեան մեղաւորը, մեղսակից կը փնտռէ: Իսկ այս հարցով Թուրքիան Պերլինի համար ամենայարմար թիրախն է:

«Հակառակ որ 2-րդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, գերմանացի քաղաքական գործիչները հրէական ցեղասպանութեան ամբողջ մեղքը բարդած են միայն նացիական ղեկավարութեան վրայ, այնուամենայնիւ այդ յանցագործութեան ծանր մեղքը չեն կրցած ջնջել գերմանական հաւաքական յիշողութենէն: Մեղքի եւ ամօթի զգացումը գերմանական հասարակութեան վրայ հոգեբանական ազդեցութիւն ձգած է: Ահա այդ պատճառով Գերմանիան այդ մեղքը (Ցեղասպանութեան) կիսելու համար յանցակից կ՛որոնէ եւ խիղճը մաքրելու նպատակով կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման», ըսած է Էլեքտաղ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին