Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

«The Guardian» Կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութիւնը Վերապրողներու Պատմութեան

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, անգլիական “The Guardian” թերթը Հայաստանի ու Սփիւռքի իր ընթերցողներուն առաջարկած էր պատմել, թէ ի՞նչ ազդեցութիւն ձգած է Ցեղասպանութիւնը անոնց ընտանիքներուն վրայ։

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին հաղորդած տեղեկութիւններով՝ այս նախագիծին արձագանգած են աւելի քան 500 ընթերցողներ՝ ուղարկելով նամակներ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր, որոնց մէկ մասը ներկայացուած է թերթի կայքին վրայ, եւ որոնցմէ մէկն է Միսաք Ուրֆալեանի պատմածը. «Մեծ մայրս դուստր մը եւ մանչ զաւակ մը ունէր, երբ սկսած էին կոտորածներն ու տեղահանութիւնները։ Իր ամուսինը սպաննած էին, եւ ինք ստիպուեր էր փախչելու։ Ան չէր կրցած իր երկու զաւակները իրեն հետ առնել եւ ստիպուած՝ իր հնգամեայ աղջիկը թողած էր տեղւոյն եկեղեցւոյ աստիճաններուն վրայ եւ տղուն հետ միասին փախած էր անապատ։ Յետագային հաստատուած էր Լիբանան, ուր կրկին ամուսնացած էր եւ աշխարհ բերած էր հայրս։ Մեծ մայրս երբեք չգիտցաւ, թէ ի՛նչ եղաւ իր աղջկան ճակատագիրը։ Չեմ կրնար պատկերացնել, թէ ի՛նչ ցաւ ապրած է ան՝ կորսնցնելով իր աղջիկը։ Ինչ որ է, ան ամուր գտնուած է, երախաներ ունեցած է իր երկրորդ ամուսնութենէն եւ նոր ընտանիք մը կազմած է»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին