*ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ*
Վանի ամենանշանաւոր պատմական յուշարձաններէն մէկը հանդիսացող Վարագայ վանքը աւերակի վերածուած է: Պահպանման տակ չառնուելու հետեւանքով քանդուած վանքը՝ պատմական յուշարձանէ աւելի աւերակ կը յիշեցնէ: Այդ մասին ըստ Akunq.net-ի, Merkür Haber կայքին մէջ կը գրեն Օզնուր Անուք եւ Եունուս Օրքի:
Հրապարակման հեղինակները կը յիշեցնեն, որ Վարագավանքը կառուցուած է 8-11-րդ դարերուն միջեւ ու կը նշեն, թէ վանքի ներկայ կանգուն մնացած հատուածը ստեղծուած է 1003-1021 թուականներուն` Վասպուրականի թագաւոր Սենեքերիմ-Յովհաննէսի իշխանութեան օրօք, սակայն չեն յայտներ, որ վանքը հայկական է:
Լուրի հեղինակները նաեւ կը գրեն, թէ 2011-ի ուժգին երկրաշարժի հետեւանքով մեծ վնաս կրած Վարագավանքի վերականգնման եւ վերանորոգման ուղղութեամբ դեռ ոչ մէկ աշխատանք կը տարուի:
Ըստ լրագրողներուն Էրէք լերան ստորոտը կառուցուած սոյն վանքը կը գտնուի՝ ներկայ Եուքարը Պաքրաչլը գիւղին մէջ: Վարագավանքը բաղկացած եղած է հինգ եկեղեցիներէ, ժամատունէ, գրադարանէ եւ զանգակատունէ: Վանքի ամենահին եկեղեցին Սուրբ Սոֆիան է` կառուցուած 8-րդ դարուն:
Հեղինակները կ՛աւելցնեն, որ Վարագավանքի սեփականութեան վկայականը կը պատկանի HABERTÜRK-ի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլըին: Վերջինս նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ նախարարութիւնը ցանկանայ, ինք պատրաստ է անմիջապէս յանձնելու վանքը: Սակայն մինչ այժմ որեւէ աշխատանք չէ տարուած այդ ուղղութեամբ:
Հեղինակները նաեւ կը յայտնեն, որ վանքը հիմնականօրէն փակ է, սակայն այցելուներ ունենալու պարագային հնարաւոր է բանալ: Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ամէնամեայ պատարագին մասնակցողները կ՛այցելեն նաեւ Վարագավանք, ուր նոյնպէս մոմ կը վառեն եւ կ՛աղօթեն: