Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը դարձեալ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս վաճառք, որուն հասոյթը պիտի փոխանցուի Արցախին: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։
Ցուցահանդէս վաճառքը պիտի կայանայ Օգոստոս 2-16: Անիկա պիտի շարունակուի նաեւ Արցախի մէջ: Այս անգամ պիտի ներկայացուին նոր աշխատանքներ: Գործերը պէտք ներկայացնել մինչեւ Յուլիս 20:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ Նկարիչներու միութիւնը արդէն կազմակերպած էր ցուցահանդէս վաճառք, որմէ գոյացած 4 միլիոն դրամը փոխանցուած էր Արցախին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած էր Նկարիչներու միութեան 1960-80 թուականներու ստեղծագործողներու 80 լաւագոյն աշխատանքներ: Կազմակերպիչները գործերը ներկայացուցած էին իրենց արժէքէն բաւական ցած գինով, որպէսզի հնարաւորինս շատ վաճառուին եւ Արցախին օգնութիւնը շատ ըլլայ: Վաճառուած էր ընդհանուր առմամբ 9 նկարներ: