Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Եւ ԼՂՀ Նախագահներուն Մասնակցութեամբ Երեւանի Մէջ Մեկնարկած է «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նիստը

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ` մեկնարկեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 25-րդ համատեղ նիստը:

Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին խորհուրդի անդամ՝ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ Թարմունիի յիշատակը:

Նախագահը յայտարարեց, որ Հոգաբարձուներու խորհուրդի 33 անդամներէն ներկայ է 29-ը, ներկայ են տեղական մարմիններու 24 ներկայացուցիչներ, քուորումը ապահովուած է, սկսաւ նիստի աշխատանքը:

Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ զեկոյց պիտի ներկայացնէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Մարաթոն 2016-ի նպատակաուղղուածութեան մասին:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան ներկայացուց 2015 թուականի հաշուետուութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին