Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Վերաբերի Բոլոր Ազգերուն. «Ո՞վ Սպաննեց Հայերը» Շարժանկարի Եգիպտացի Արտադրող

Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմութեան կարեւորագոյն մասերէն է, որ ոչ միայն հայերուն կը վերաբերի, այլ նաեւ բոլոր ազգերուն: Այս մասին ըստ News.am-ի, ըսած է Ցեղասպանութեան նուիրուած «Ո՞վ սպաննեց հայերը» վաւերագրական ֆիլմի արտադրող եգիպտացի Միրիամ Զաքին, որ Երեւանի մէջ Սերժ Սարգսեանի կողմէ մրցանակ ստացաւ` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ունենալուն համար:

«Շատ կարեւոր էր արաբ հանդիսատեսին բացատրել, թէ ինչ է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այսօր վստահաբար կրնամ ըսել, որ բոլոր եգիպտացիները գիտեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ այսօր այլ բարեկամութիւն կայ երկու ազգերու միջեւ», ըսած է Զաքին:

Եգիպտացի արտադրողը համոզուած է, որ Ցեղասպանութիւնը կը վերաբերի բոլոր ազգերուն. «Երբ կը նայիս 1915-ի խաղցողներուն, անոնք այսօր ալ կան` 2015-ին, 2016-ին, մենք անոնց դեռ կը տեսնենք, անոնք նոյն եզրոյթները  կ’օգտագործեն, նոյն մարտավարութիւնը: Ժամանակն է արթննալու: Կը կարծեմ, որ եթէ հայերը այսքան երկար տարիներ չլռէին, այլ իրավիճակ կ’ըլլար այսօր»:

Յիշեցնենք, որ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» ֆիլմը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին արաբերէն փաստագրական շարժանկարի ժապաւէնն է:

Ֆիլմի արտադրողներն  են Մուհամմատ Հանաֆին եւ Մարիամ Զաքին: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան վերաբերեալ լուսանկարներ եւ արխիւային նիւթեր: Նկարահանումները իրականացած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ: Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացած է 2015-ի Նոյեմբեր 8-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին