Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը գումարեց իր հերթական՝ 27րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, քաղաքամայր Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մէջ, 26 – 27 Մայիս 2016-ին:
Օրէնսդիր գերագոյն այս ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ ՌԱԿի աշխարհատարած 16 շրջանակներէն ընտրուած լիազօր ներկայացուցիչներ:
Պատգամաւորական Ժողովի պաշտօնական բացումը իր ներկայութեամբ պատուեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի արժանաւոր նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, ընթերցելով ՀՀ Վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեանի ժողովին յղած ուղերձը, որմէ ետք երկօրեայ աշխատանքային օրակարգով յագեցած ժողովը աւարտեցաւ՝ որդեգրելով Հայ ժողովուրդն ու ՌԱԿը անմիջականօրէն յուզող կարեւոր հարցերու վերաբերեալ կեցուածքներ ու որոշումներ:
Առ այդ կը հրապարակուի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 95-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը տեղի ունեցաւ մայր հողի վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Ասիկա ո՛չ միայն պատմական եւ խորհրդանշական իրողութիւն մըն է, այլ նաեւ մեր կազմակերպութեան յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ընդլայնման եւ նոր առաջադրութիւններու նախագծման կարեւոր հանգրուանի մը սկիզբը, որ ի վերջոյ կը միտի հաստատուիլ հայրենի հողին վրայ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ սպառնալիքներ, որոնք պէտք է յաղթահարուին համայն հայութեան միացեալ ճիգերով եւ ազգային միասնականութեան ոգիով: Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի դէմ Թուրքիոյ նեցակցութեամբ Ազրպէյճանի կատարած թշնամական արարքները մեզի կը պարտադրեն՝ մէկ կողմ դնել բոլոր տեսակի ներքին թէ արտաքին տարակարծութիւնները եւ համախմբուիլ հայրենի պետականութեան շուրջ:
Արդարեւ, այս ժողովին Երեւանի մէջ գումարումը մենք կը նկատենք արտայայտութիւնը՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն երեւան եկած համահայկական համախմբումին, որ առիթ կու տայ մեզի անգամ մը եւս մեր աջակցութիւնը յայտնելու հայրենի պետութեան, ինչպէս նաեւ շեշտելու միշտ ի նպաստ Հայաստանի՝ ներառեալ Արցախի զօրացման ու զարգացման գործելու մեր յանձնառութիւնը:
Այս առթիւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ՝ Հայոց բանակի Հայաստանի թէ Արցախի մեր քաջարի զինուորներուն, որոնք կը պաշտպանեն մեր հայրենի հողը եւ անառիկ կը պահեն մեր սահմանները: Մենք կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ բոլոր այն զոհուած մեր հերոսներուն, որոնք իրենց արեան գնով պաշտպանեցին հայրենի հողը:
ՌԱԿի դաւանանքն ու մտասեւեռումը եղած են ու կը մնան մշտապէս ծառայել Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Հետեւաբար, ան կը վերահաստատէ իր ամբողջական նուիրումը հանդէպ մեր ժողովուրդին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի թէ Սփիւռքի մէջ: Առ այդ ՌԱԿը կը յայտնէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը հայրենի պետականութեան, հայ ժողովուրդի Մեծ Երազի իրականացման վերջնական հանգրուանի տեսլականով, ի խնդիր անոր ամրապնդումին եւ յարատեւութեան: Միաժամանակ կը մնայ հաւատարիմ Հայաստանեաց Սուրբ Եկեղեցւոյ անսասանութեան հաւատամքին:
Հաւատարիմ մնալով ՌԱԿ-ի դաւանանքին եւ ընդհանուր ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական Հռչակագրի տրամադրութիւններուն, ժողովը հաստատեց իր ազգային յանձնառութիւնը շարունակելու պայքարը՝ ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան իրականացման ուղղութեամբ: Ժողովը հաստատեց իր հաւատքն ու համոզումը, որ 100-ամեակի առիթով ստեղծուած համահայկական համագործակցութիւնը, որ շարունակուեցաւ 101 ամեակին եւս պիտի շարունակուի յառաջիկային ալ, խոստանալով ամէն ճիգ գործադրել այդ համագործակցութեան արդիւնաւոր ընթացք ապահովելու ուղղութեամբ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը ընդգծեց, թէ Արցախը անբաժան մէկ մասնիկն է մեր Հայրենիքին, հետեւաբար համայն Հայութեան զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պարտի ըլլալ անվերապահ ու լիակատար: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անխախտելի համոզումն է, թէ պատրաստ ըլլալով հանդերձ ազրպէյճանական նախայարձակ ամէն տեսակի թշնամական գործողութիւններու, արցախեան հիմնախնդիրը հարկ է որ լուծուի մարդկային իրաւանց սկզբունքներուն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սրբազան իրաւունքին հիման վրայ, ուր միջազգային ընտանիքը իր պատասխանատուութիւնը յանձն առնէ, իսկ լուծման ձգտող բանակցութեանց անհրաժեշտաբար պէտք է մասնակցի Արցախի պաշտօնական ներկայացուցիչը: Այս ուղղութեամբ ժողովը վերանորոգեց իր ուխտը, Սփիւռքի համայն իր ուժերը ի գործ դնելու՝ նպատակ ունենալով միջազգային հանրային կարծիք ստեղծելու, հուսկ ապա Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանաչման:
Ջաւախքի հայութիւնը կը հանդիսանայ հարազատ մէկ մասը հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը աւելի քան նախանձախնդիր է, որ հոն լիովին յարգուին ջաւախքահայութեան մարդկային բոլոր իրաւունքները, երաշխաւորելով անոր ազգային մշակոյթին ու ֆիզիքական գոյատեւման դրսեւորումը եւ պահպանումը:
Նկատի ունենալով Սփիւռքի մէջ ազգապահպանման հետզհետէ դժուարացող պայմանները, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը վճռէ ժամանակակից եւ նոր եռանդով ու միջոցներով շարունակել՝ մեր ժողովուրդին ներկայ կարիքները հոգացող ազգանուէր առաքելութիւնը:
ՌԱԿ-ի 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը բարձր կը գնահատէ ու կենսական կը նկատէ՝ ընդհանրապէս Հայ Վարժարանի եւ մասնաւորաբար սփիւռքահայ վարժարանի գոյութիւնը, առաքելութիւնն ու գոյատեւումը: Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ ՌԱԿ-ի 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովը խստիւ կը դատապարտէ՝ Հայ Վարժարաններ առեւտրական նպատակներով առուծախի ենթարկող անհատներն ու հաստատութիւնները:
Մինչ ամբողջ հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնն ու մտածումները սեւեռած կը մնան՝ Սուրիահայ բեղուն գաղութի ամէնօրեայ հոգեխռով յոյզերուն, ժողովս կը շեշտէ, թէ անմնացորդ եւ յարաճուն նուիրաբերումով հարկ է օժանդակել պատուհասուող Սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ ամէն միջոցներով օգտակար հանդիսանալու անոնց այս դժուարին օրերուն։ Միջին արեւելեան տագնապալի օրերը դիմագրաւող արեւմտեան Հայաստանի աշխարհագրականօրէն ամենամօտիկ հայագաղութներուն ամէն գնով իրենց ծննդավայրերուն կառչած մնալու կոչ ուղղելով հանդերձ ի պահանջեալ հարկին Հայրենիքը նկատի ունենալ վերահաստատուելու որպէս մէկ ու միակ նպատակակէտ:
Միշտ առաջնորդուելով Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ծառայելու իր նախանձախնդրութենէն, ՌԱԿը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գործակցելու Սփիւռքի բոլոր այն կառոյցներուն հետ, որոնք ունին միեւնոյն մտասեւեռումը՝ համադրելու, ներդաշնակելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու առ այդ տարուող աշխատանքները, առանց երբեւէ կաշկանդուելու հին թէ նոր արուեստական կաղապարներով:
Գնահատելով ընթացաւարտ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնն ու անցնող տարիներու ընթացքին անոր տարած նուիրեալ բոլոր գործունէութիւնները, ՌԱԿ-ի 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը իր աշխատանքները թագադրեց ընտրելով կուսակցութեան նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ կը ներկայանայ հետեւեալ կազմով՝
Ատենապետ՝ Սերխիօ Նահապետեան (Արժանթին)
Ա. Փոխ-ատենապետ՝ Իւժին Գարաճեան (Թորոնթօ – Գանատա)
Բ. Փոխ-ատենապետ՝ Լեւոն Պլըքեան (Հալէպ – Սուրիա)
Ատենադպիր՝ Սեւակ Յակոբեան (Լիբանան)
Փոխ-ատենադպիր՝ Գէորգ Գրիգորեան (Լոս Անճելըս – ԱՄՆ)
Գանձապահ՝ Վարդան Ուզունեան (Մեծն Բրիտանիա)
Խորհրդականներ՝
Անդրանիկ Լեփեճեան (Յորդանան)
Փրոֆ. Հրայր Հովիւեան (Լիբանան)
Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան (Դամասկոս – Սուրիա)
Յակոբ Լիպարիտ Անդրէասեան (Երուսաղէմ)
Պարոյր Գույումճեան (Կիպրոս)
Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (Լոս Անճելըս – ԱՄՆ)
Վազգէն Էսքիճեան (Ֆրանսա)
Գործակից անդամներ՝
Բարթող Գալստեան (Արցախ)
Հայկ Լեփեճեան (Աւստրալիա)
Միհրան Քիւթնէրեան (Ֆրեզնօ – ԱՄՆ)
Սեդրակ Ապպասեան (Յունաստան)
Պատմական այս ժողովը փակուեցաւ վերանորոգելով այն սրբազան ուխտը, որուն զինուորագրեալն է ՌԱԿը, ողջունելով կուսակցութեան բոլոր անդամներն ու համակիրները, ողջունելով Հայրենիքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը եւ սփիւռքահայութիւնը:
Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը
Կեցցէ՛ 25-ամեայ ազատ, անկախ եւ ժողովրդավարական Հայաստանի Հանրապետութիւնը
Կեցցէ՛ ազատ Արցախը
Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
27-րդ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Երեւան, 28 Մայիս 2016