ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի հետ Փարիզի մէջ պիտի հանդիպին Յունիս 2-ին, իսկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի հետ Պրիւքսէլի մէջ Մայիս 31-ին: Այս մասին ազրպէյճանական APA լրատու գործակալութեան յայտնած է ամերիկացի համանախագահ Ճեյմս Ուորլիք։ Մամետիարով ըսած էր, որ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը բարենպաստ հնարաւորութիւններ ստեղծած է՝ համապարփակ եւ շօշափելի արդիւնքներ հետապնդող բանակցութիւններու համար՝ հիմնուած փուլային կարգաւորման տարբերակի վրայ: Ան նաեւ ըսած էր, թէ սթաթուս քոյի (կատարուած իրողութեան) փոփոխութեան եւ հակամարտութեան կարգաւորման յառաջընթացի համար՝ հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին «Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն»։