*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Մարդկային հաւաքականութիւններու մէջ մրցակցութիւնը որքան խթան հանդիսացած է տուեալ հաւաքականութեան զարգացումին, այնքան ալ պատճառներէն մին հանդիսացած է անոր թուլացումին կամ երկբեղկումին…:
Մարդկային քաղաքական հաւաքականութիւնը հանդիսացող կուսակցութիւններու պատմութեան մէջ, միշտ եղած է մրցակցութիւն ոչ միայն տարբեր կուսակցութիւններու միջեւ՝ այլ միեւնոյն կուսակցութեան մէջ ալ: Երբ այդ մրցակցութիւնը եղած է արդար հիմքերու վրայ՝ ան սատարած է տուեալ կուսակցութեան վերելքին ու անոր ղեկավարութեան լճացումէ զերծ մնալուն: Բայց երբ այդ մրցակցութիւնը հիմնուած է զուտ անհատական, եսակեդրոն ու նեղ հաշիւներու վրայ, այդ ներքին հակասութիւնները, պայքարներն ու հակամարտութիւնները եղած են քանդիչ տուեալ կուսակցութեան ու հաւաքականութեան համար:
Մեր կուսակցութիւնը անշուշտ անմասն չէ եղած այս երեւոյթներէն, երբեմն ուրիշներէ պակաս ու շատ յաճախ աւելին: Երեւոյթ մը, որ միշտ ցաւ պատճառած է այս տողերը գրողիս:
Նշեալ այս ցաւը սիրելի ընթերցող երէկ գիշեր իմ մօտ դարձաւ աւելի եւս սիրտ մորմոքող՝ երբ կարդացի ու լսեցի կուսակցական ներքին պայքարէ մը ոչ յաղթական դուրս ելած կողմի մը մամլոյ ասուլիսը, որ անցնելով տուեալ իրավիճակի մը յատուկ հոգեբանական բնական պոռթկումի չափն ու սահմանը, ինքզինքին ներած էր փորձել Հայրենի իշխանութիւնները ներառել՝ տուեալ ներ-կուսակցական անիմաստ ու ամօթալի պայքարին մէջ, որ ուրիշ բանի չի ծառայեր՝ բացի տկարացնելու մեր սիրելի կուսակցութիւնը:
Այս սիւնակիս ընդմէջէն այս գիշեր կ՛արձակեմ սրտագին կոչ մը՝ Հայրենի իշխանութիւններն ու անոր ներկայացուցիչները զերծ պահելու մեր ներքին պայքարներէն, մանաւանդ Հայաստան-Արցախի համար ճակատագրական այս իրավիճակին մէջ։ Ամէն ինչ չափ ու սահման ունի։