«Ակրեսորը (նախայարձակը) կը փորձէ իր կողմէ բազմաթիւ թունաւորման փաստերը քօղարկել: Ազրպէյճանը այն պետութիւններէն է, որ բազմաթիւ անգամներ օգտագործած է քիմիական թունաւոր նիւթեր Արցախի բնակչութեան նկատմամբ», Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ԼՂՀ նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ հայկական կողմը քիմիական զէնք օգտագործած է, ան ինչ բանի՞ կը ձգտի այսպիսի յայտարարութեամբ:
Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն, երբ որ Հէյտար Ալիեւը եկած էր իշխանութեան, կը թունաւորէին Ստեփանակերտի ջրային պաշարները:
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի 1970-ականներուն Ղարաբաղը աշխարհի մակարդակով առաջին տեղը կը գտնուէր երկարակեացներու քանակով, վերջին տեղը` հիւանդութիւններու, որոնց մէջ նաեւ քաղցկեցի: 1989 թուականին հիւանդութիւններուն քանակով առաջին տեղն էր Անդրկովկասի մակարդակով: Ատիկա կու գար թունաւորումէն: Ան յիշեցուցած է, որ 1990 թուականին կրկին թունաւորած էին Ստեփանակերտի ջրատար մատակարարման ցանցը` այնտեղ նետելով քրէոլին քիմիական նիւթ: Մայրաքաղաքի 1/3 զրկուած էր ջուրէն, քանի մը ժամուան մէջ ընտանի կենդանիները սատկած էին, բազմաթիւ մարդիկ հիւանդանոց փոխադրուած էին: Նոյն բանը ըրած են նաեւ Շուշիի շրջանին մէջ:
«Հիմա երբ կը խօսին, որ Քարվաճառի մէջ հայկական աթոմակայանի թափօններ կը թաղուին, որ ի հարկէ այդպէս չէ, բայց կը հասկանանք, որ հիմք կը նախապատրաստեն, որ վաղը Աստուած մի արասցէ իրենք եթէ ձեւով մը կարենան այդ տարածքի վրայ ազդեցութիւն գործել, անպայման կը թունաւորեն մեր գետերը: Այնտեղ սկիզբ կ՛առնէ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ջրային պաշարներու 85 տոկոսը, Արփա եւ Որոտան գետերը, որոնք կը սնեն Սեւանայ լիճը: Այսինքն ամբողջ Հայաստանը կապոյտ ցեղասպանութեան կ’ենթարկեն», ըսած է ԼՂՀ նախագահի մամուլի քարտուղարը: