*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*
«Երեւան- Էքսփօ» ցուցահանդէսային համալիրին մէջ կայացած «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսի մասնակիցներէն Կարապետ Ճոկարեան ներկայացուցած է՝ տարիներու տքնանքով իրականութիւն դարձած իր սեփական հետաքրքրական գիւտը` HYDRO TORNADO DRIVE with H2O –ն, որ այցելուներէն շատերուն ուշադրութիւնը գրաւած է:
Մեր զրոյցի ընթացքին Կարապետը մանրամասնութիւններ պատմեց այդ նորարարութեան առաւելութիւններուն, խնայողութիւններուն ու մատչելիութեան մասին, ահաւասիկ.
«Ես այս գիւտին շուրջ մտորած եմ դեռեւս 14 տարեկանէս, երբ դպրոցին մէջ քիմիա կ’անցնէի. 2001էն ան արձանագրուած է միտքիս մէջ, սակայն պաշտօնապէս զայն արձանագրած եմ անցեալ տարի: Ես մասնագիտական որեւէ կրթութիւն չունիմ. այդ ամէնուն հասած եմ դպրոցին մէջ ստացած գիտելիքներու շնորհիւ եւ ինքնաշխատութեամբ: Տարիքով ու փորձառու շատ գիտնականներ` ֆիզիկոսներ եւ քիմիկոսներ, որոնք գործած են տակաւին Խորհրդային Միութեան տարիներուն՝ չեն հաւատար, որ այսպիսի նորոյթը իրականութիւն է եւ կ’աշխատի։ Ես կը հրաւիրեմ զանոնք եւ սարքի աշխատանքը ցոյց կու տամ փաստացի: Ան կատարելագործուած սարք է, հրաշալի արդիւնք կու տայ: Սուրիոյ մէջ ես կ’աշխատէի մեր պապենական արհեստը` բարձր ճնշման ռետինէ խողովակներու գործը, իսկ ատկէ դուրս կ’աշխատէի իմ նորարարական գիւտին վրայ, որուն մասին միայն իմ ընտանիքս գիտէր: Բոլորն ալ գիտեն, որ եթէ ջուրը անջատեն թթուածինէն ու ջրածինէն, ատիկա արդէն վառելանիւթ է: Ճիշդ այդ անջատման ընթացքը թանկ է, սակայն իմ գիւտս չունի այդ խնդիրը. ատիկա գաղտնիք է, որ չեմ կրնար բացայայտել: Իմ նորոյթս կ’ապահովէ վառելիքի` մինչեւ 50% խնայողութիւն, կ’երկարացնէ մեքենայի շարժիչի կեանքը, միջավայրը մաքուր կը պահէ եւ անվտանգ, կ’ապահովէ շարժիչի իւղի խնայողութիւն եւ մաքրութիւն, մեքենան կը դառնայ արագընթաց եւ սլացիկ, սարքը կ’աշխատի միայն ջուրով, կը խնայէ գումար եւ ժամանակ: Այս սարքին միայն հումքը բաւական թանկ կ՛արժէ: Նորոյթը պատրաստ է, ունիմ արտօնագիր, շատ փափաքողներ կան, որոնք արդէնհերթագրուած են: Ցաւօք ժողովուրդի զգալի մասը գնողունակ չէ, թէեւ ես, չնայած նորոյթի բաւական թանկ ըլլալուն, համեմատաբար աժան կու տամ սարքը: Ես իմ մեքենայիս վրայ տեղադրած եմ զայն եւ արդէն 15 տարիներէ կ’օգտագործեմ: Սարքը կ’աշխատի միայն ջուրով, ատոր այրումէն ետք միայն շոգի կը յառաջանայ, էքոլոկիապէս /բնապահպանականօրէն/ շատ մաքուր է: Եթէ ուրիշ վառելանիւթով աշխատող մեքենաներու պարագային յաճախ լրիւ այրում չի կատարուիր, եւ օդը կ’աղտոտէ, ապա այս սարքի տեղադրման պարագային կը կատարուի լրիւ այրում: Այդ ցուցահանդէսը աւելցուց իմ ստեղծած գիւտով հետաքրքրուողներու թիւը, բջջայինիս զանգերը չեն լռեր: Շնորհակալ եմ ցուցահանդէսի բոլոր կազմակերպիչներուն եւ աջակիցներուն:
«Բազմաթիւ առաջարկներ ունիմ արտերկրէն, սակայն ես կ’ուզեմ Հայաստան մնալ եւ այս նորոյթի արտադրութեան զարկ տալ իմ Հայրենիքիս մէջ: Երեքուկէս տարի է, որ Հայաստանի մէջ եմ: Սուրիոյ մէջ շատ մեծ գործարան ունէինք, պատերազմը ստիպեց ձգել ամէն ինչ ու հանգրուանիլ Հայաստան: Մեր ընտանիքէն ներս այժմ կ’աշխատին եղբայրս ու հայրս: Ամուսնացած եմ, եօթ տարեկան դուստր ունիմ, որ ծնած է Սուրիա. բոլորս ալ յարմարած ենք նոր միջավայրին, որովհետեւ մենք օտարներու մէջ չենք:
«Հայերը շատ տաղանդաւոր են, բազմաթիւ գիւտերու հեղինակներ են, սակայն ցաւօք շատ յաճախ հայու գիւտը ուրիշները իրենց կը վերագրեն: Այդ ժամանակները անցած են, այսօրուան հայը առաջուանը չէ: Արդէն իմ մէջ կը խմորուի մէկ այլ նոր գիւտի գաղափար, որ առ այժմ գաղտնիք է, եւ բնականաբար չեմ կամենար զայն կիսել ոեւէ մէկու հետ: Մեծ ցանկութիւն մը ունիմ` ստեղծել արտադրութիւն եւ աշխատատատեղեր. մենք պէտք է ըլլանք արտադրող ու արտահանող, ոչ թէ ուրիշներու ապրանքները ներկրողներ կամ դուրսէն անընդհատ օգնութիւն ակնկալողներ: Պէտք է այնքան հարուստ երկիր դառնանք, որ մենք ուրիշներուն օգնենք. մենք ունինք այդ ներուժը, մենք կրնանք դառնալ զարգացած եւ համաշխարհային շուկային մէջ իշխող պետութիւններէն մէկը` միջազգային հարթակներու վրայ ըլլալով գերակայող ու պահանջատէր»: