Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Թալիշցիները Տեղաւորելու Համար Արցախի Կառավարութիւնը Այլ Բնակավայրեր Առաջարկած Է

Թալիշցիները Թալիշ վերադառնալու առումով ունին հոգեբանական խնդիր, ուստի Արցախի կառավարութիւնը կապ հաստատելով անոնց հետ՝ առաջարկած է բնակարաններ այլ բնակավայրերու մէջ: Այս մասին ըստ Tert.am-ի, յայտնած է Արցախի վարչապետի մամուլի քարտուղար Արտակ Բեգլարեան։

«Մի քանի բնակավայրեր մէջ իրենց առաջարկած ենք բնակավայրեր եւ արդէն իսկ գործընթացը սկսած է, մէկ մասը Մարտակերտի շրջանի Ալաշեան բնակավայրն է, միւսը Իջան, այլ տարբերակներ ալ այս պահուն կը քննարկուին, դեռ վերջնական բան չկայ, կը նայինք, թէ որ ընտանիքները ինչ նախընտրութիւններ ունին առաջարկուած տարբերակներէն, վերջնական որոշում կը կայացնենք»:

Նշենք, որ երէկ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ի պատասխան այն հարցին, թէ թալիշցիները ե՞րբ կրնան վերադառնալ իրենց բնակավայրը, ըսած էր. «Հիմա Թալիշը անվտանգ է, համապատասխան պայմաններ պէտք է ստեղծուէն, որ վերադառնան: Հրադադարի ռեժիմը յարաբերականօրէն կը պահպանու, կը կարծեմ, որ այդ մէկը պայմաններ կը ստեղծէ ԼՂՀ ղեկավարութեան համար, որպէսզի իրենք աշխատին, պայմաններ ստեղծուին, որ այդ հրետակոծութիւններէն յետոյ ժողովուրդը վերադառնայ»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ ասիկա կապուած է հայկական Զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող դիրքերու կորուստին հետ՝ Արտակ Բեգլարեան յիշեցուցած է Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի այն յայտարարութիւնը, որ եթէ նոյնիսկ որեւէ դիրք կորսնցուցած չըլլայինք, ԼՂՀ կառավարութիւնը եւ անձամբ ինքը պիտի նախընտրէր, որ թալիշցիները Թալիշ չվերադառնան, քանի որ հոգեբանական խնդիր կայ եւ բնականաբար շատ մօտ է Ազրպէյճանի հետ սահմանագիծին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին