Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտըսթակի փոխնախագահ Էտելկարտ Պուլմահնը, Մայիս 24-ին ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ, այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:
Հիւրերը ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակ դրած են սուրբ նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի մօտ։ Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:
Այնուհետեւ տիկին Պուլմահն այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ ծանօթացած հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը փաստող վաւերագրութիւններուն:
Այցի աւարտին Էտելկարտ Պուլմահնը արձանագրութիւն ձգած է պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Պունտըսթակի փոխնախագահը նշած է. «Տպաւորուած եմ թանգարան կատարած իմ այցէն եւ կը ցաւիմ այն բոլոր տառապանքներուն համար, որ կրած է հայ ժողովուրդը այդ տարիներուն: Ես իբրեւ Պունտըսթակի ներկայացուցիչ, պէտք է աւելցնեմ նաեւ Գերմանիոյ պատասխանատուութեան հարցը. մեր խորհրդարանը կը ջանայ իր պաշտօնական վերաբերմունքը արտայայտել կատարուած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ եւ այդպէս կանխարգիլել նոյնատիպ յանցագործութիւններու կրկնութիւնը»: