Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

«Արցախին Օգնելու Նպատակով Սփիւռքի Մէջ Այսօր Կը Գործեն 24 Հիմնադրամներ». Հրանոյշ Յակոբեան

ՀՀայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու անդամներու հանդիպումը, որու ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց՝ Արցախի քառօրեայ պատերազմէն մինչեւ այսօր Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններն ու տրամադրուած աջակցութիւնը:

«Հայերն Այսօր»-ի փոխանցմամբ մինչ հանդիպման մեկնարկը, Հրանոյշ Յակոբեան պատասխանեց լրագրողներու հարցերուն` ներկայացնելով Սփիւռքի նախարարութիւն – «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ համագործակցութեան արդիւնքներն ու առաջնահերթութիւնները: «Արդէն աւանդական դարձած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տեղական մարմիններու հետ հանդիպումները: Այսօր մենք կը փորձենք ի մի բերել մեր մէկ տարուայ աշխատանքն ու պատասխանել հետեւեալ հարցերուն` որքանո՞վ Սփիւռքը նպաստաւոր աշխատանք կատարած է Հիմնադրամի հետ համատեղ, ինչպէ՞ս կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրները, որո՞նք են այսօր Հայաստանի համար առաջնային կարեւոր խնդիրները», ըսաւ Սփիւռքի նախարարը` առանձնացնելով այն երկու ուղղութիւնները, որոնց շուրջ համախմբուած է ողջ հայութիւնը. ատոնք են սուրիահայերու հիմնախնդիրները եւ Արցախին օժանդակելու հարցը:

«Քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով  Սփիւռքը շատ արագ ոտքի կանգնեցաւ, մենք 4500 նամակներ ուղարկած ենք Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն` խնդրելով բողոքներ եւ ցոյցեր կազմակերպել իրենց համայնքներու մէջ, բոլոր հնարաւոր միջոցներով ազդեցութիւն գործադրելու, որպէսզի կանգ առնէ պատերազմը: Սկսան նաեւ  շարք մը դրամահաւաքներ. Սփիւռքի մէջ այսօր կը գործեն 24 հիմնադրամներ, որոնք բացուած են Արցախին օգնելու նպատակով: Թէ յետագային ինչպէ՞ս կը տնօրինուին այդ գումարները եւ հիմնադրամները որ ուղղութեամբ կը ծառայեցնեն հաւաքուած գումարը, ցոյց կու տայ ժամանակը. իրենք պէտք է որոշեն: Բայց մէկ բան պարզ է՝ բացի անկէ, որ «Հայաստան» հիմնադրամը կը գործէ եւ կայ, անոր զուգահեռ այս պոռթկումի պահուն կան նաեւ այլ հիմնադրամներ: Այդ հիմնադրամներէն մի քանին արդէն իսկ պայմանաւորուած են իրենց ծրագիրները իրականացնել «Հայաստան» հիմնադրամի հետ համատեղ», ըսաւ Նախարարը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը նշեց նաեւ, որ այս հանդիպումներուն ընթացքին Հիմնադրամի տեղական մարմիններուն կը ներկայացուին Նախարարութեան ծրագիրները եւ հնարաւորութեան պարագային համագործակցութեան ծրագիրներ կը մշակուին: «Անոնք իրենց գործունէութեամբ կամայ թէ ակամայ կ՛առնչուին Սփիւռքի հետ, հետեւաբար կրնան դառնալ մեր ծրագիրներու քարոզիչները Սփիւռքի մէջ», խօսելով տարբեր երկիրներու մէջ Հիմնադրամի տեղական մարմիններու գործունէութեան մասին` նշեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին