Մասնակցութեամբ 61 մանուկներու, 20 Մայիս 2016-ին կայացաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը, որ շուրջ մէկուկէս ժամ ներկաները փոխադրեց մանկական անմիջականութեան, անմեղութեան եւ անբռնազբօս գեղեցկութեան աշխարհը՝ պարերով, երաժշտութեամբ, թատերական պատկերներով եւ վառ գոյներով առլեցուն:
Հանդէսին Ներկիզեան մանկամսուրին հրաժեշտ տուին աւարտական 45 փոքրիկներ, որոնք յառաջիկայ տարեշրջանին իրենց առաջին քայլերը պիտի կատարեն կրթութեան մէջ, որպէս բողբոջ դասարանի աշակերտներ:
Ամավերջի հանդէսը ողջոյնի խօսքով բացաւ մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Թամար Ֆեսլեան Քէշիշեան: Ան ըսաւ. «Ալիս Ներկիզեան մանկամսուրին մէջ մանուկը կը դառնայ ազատ, անկախ, ինքնաբաւ, ինքնավստահ եւ նախաձեռնող: Այնտեղ հիմքը կը դրուի անոր հոգեմտաւոր եւ ընկերային կազմաւորման» աւլեցնելով, որ մանկամսուրին մէջ մանուկները կը դաստիարակուին դառնալու համար հայ տիպար քրիստոնեաներ, զարգացնելով իրենց միտքն ու գիտելիքները:
Տիկին Հուրի Էմմէմեանի հանդիսավարութեամբ, յայտագիրը ընթացաւ «Փոքրիկ Արուեստագէտներու Աշխարհը» ընդհանուր խորագիրին տակ: Մանկամսուրի չորս տարբեր դասարաններու մանուկներ ներկայացուցին 8 առանձին պարեր, անոնց ընդմէջէն փոխանցելով պատկերը տարբեր մասնագիտութիւններու եւ արհեստներու, ինչպէս թեյարանի ծառայողն ու երաժիշտը, խոհարարն ու քաղաքական գործիչը, երգչուհին ու կօշկակարը…: Բոլոր կատարումները յատկանշուեցան պատրաստութեան բծախնդրութեամբ, որ տիրական էր ամէն ինչի մէջ՝ տարազներու ընտրութենէն մինչեւ բեմական ձեւաւորումն ու հանդէսի մնացեալ տարրերը: Գեղարուեստական մասով իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեսրոպեանի խումբ մը աշակերտներ, կատարելով երաժշտական եւ պարային կտորներ:
Եզրափակիչ խօսքը կատարեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ան բարձրօրէն գնահատեց մանկամսուրի պատասխանատուին եւ անձնակազմի անդամներուն աշխատանքը, որ կարելի դարձուց «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը ստեղծել ու պահպանել որպէս մանուկներու խնամքի ապահով եւ յուսալի վայր: Ան շնորհաւորեց աւարտական փոքրիկները եւ անոնց մաղթեց բարի երթ՝ դէպի մանկապարտէզ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի