Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ 65-Ամեայ Վարժարանի Ատենամարզանքներու Եզրափակիչ Փուլը

Ամիսներու  վրայ  երկարող  մեղուաջան  կրթական տարեշրջանը աննկատելիօրէն արագ անցաւ: Հետեւաբար վարժարանիս բակի ջերմութիւնը քանի մը շաբաթներ ետք իր կենսայորդ վիճակէն պիտի պարպուի, իր սիրելի աշակերտներուն հրաժեշտ առնելէն ետք:

Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին վարժարանիս բակը լեցուած էր մեր սիրելի աշակերտներուն զիլ կանչերով: Այդ օր դասաւանդութիւն տեղի պիտի չունենար՝ «Մարզական Օր»ուան եւ «Վերջին Զանգ»ի արարողութիւններուն պատճառով: Բոլոր ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն բաշխուեցաւ մէկական եռագոյն ձեռնակապ «Մարզական Օր» գրութեամբ, ինչպէս նաեւ վարժարանիս եւ 65- ամեակի լոկոներով: Մարմնամարզի դասատու Պրն. Պ. Սագապետոյեանի եւ Գիտութեան դասատու Օրդ. Ք. Տեմիրճեանի կազմակերպութեամբ՝ կայացան զանազան տեսակի մրցաշարքեր: Ժամը 10:00ի դադարին տեղի ունեցաւ ուտեստեղէնի եւ զովացուցիչ ըմպելիներու վաճառք, որմէ ետք շարունակուեցան խաղերը: Այս բաժինի վերջին մասը յատկացուած էր «Basket Ball Match»ի՝ Վահան եւ Թէքէեան խումբերու միջեւ: Վահան խումբը խլեց յաղթանակը տիրանալով բաժակին:

Վերջապէս վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան մէկ առ մէկ կանչեց  յաղթական աշակերտները, որոնք բարձրանալով ամպիոնին վրայ ստացան իրենց մէտալներն ու նուէրները, իսկ մարզական օրուան մասնակցող իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ գնահատագիր:

Այս բոլորէն ետք բարձրացանք վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահը, ուր  տեղի պիտի ունենար «Վերջին Զանգ»ի արարողութիւնը: Առաջին հերթին Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները, Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն ընկերակցութեամբ՝ մուտք գործեցին սրահ ու բեմահարթակ բարձրանալով ներկայացան շատ գեղեցիկ «Վերջին Զանգ» պարով, ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Մնաք Բարով, Իմ Դպրոց»ը: Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները սիրտի ուժգին թրթիռով, վայրկեաններու ընթացքին վերյիշելով դպրոցական քանի մը տարիներու հակիրճ տեսաֆիլմը, ներկայացան իրենց սրտի խօսքերով: Անոնք իրարամերժ եւ միանգամայն ներհակ զգացումներով լեցուած էին: Տխուր էին, որ այլեւս իրենց սիրելի վարժարանին նստարանները լոկ երազանք պիտի դառնային իրենց համար եւ ուրախ՝ նոր կեանքի մտնելու ոգեշնչումով:

Վերջաւորութեան վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Կ. Նաճարեան իր սրտի խօսքով անդրադարձաւ, թէ մեր աշակերտներուն համար յիշարժան օր մը պիտի ըլլար այդ օրը: Վերջին զանգով պիտի ձգէին իրենց տաքուկ, ապահով, սիրող, յանդիմանող եւ կրթող տունը: Քննութիւններու եւ համադպրոցական աշխատանքներու մարաթոնային վազքը պիտի աւարտէր ու բարձր պատրաստակամութեամբ մեր աշակերտները պիտի անցնէին կեանքի յաջորդ հանգրուանը, եւ Վահան Թէքէեան վարժարանէն ձեռք բերած գիտելիքները պիտի օգնէին իրենց՝ արժանապատուօրէն յաղթահարելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: Ամէն սկիզբ իր աւարտը ունի եւ ամէն աւարտ՝ նոր սկիզբ մըն է: Ան իր խօսքը եզրափակեց նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով նոր կեանքի երկար ու ոչ այնքան դիւրին ճանապարհին, ինչպէս նաեւ յիշեցնելով, որ լաւ պատրաստուին ու պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեն պետական քննութիւններուն:

«Մարզական Օր»ն ու «Վերջին Զանգ»ի արարողութիւնները հասան իրենց աւարտին: Աճող սերունդներու ուրախութեան եւ բերկրանքի օր մըն էր, համակուած երջանիկ ապագայ ունենալու մեղմիկ սպասումով, առանձնայատուկ այցեքարտ մը դէպի գիտելիքաշատ աշխարհ:

DSC04857

13244842_1243359759009630_1922719305980538617_n

13241418_1243362369009369_8895250207602980068_n

13220684_1243359619009644_6991574291999528084_o

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին