Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

«Հայկական Զինուած Ուժերը Կը Վերահսկեն Իրավիճակը Եւ Կը Պահպանեն Հրադադարը». Սէյրան Օհանեան

Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծի վրայ իրավիճակը հանգիստ է, կրակոցներու թիւը շատ քիչ է:

Այս մասին Մայիս 23-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ Մայիս 22-ին եղած է Արցախ: Նախարարը հաւաստիացուցած է, որ Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը վերահսկեն իրավիճակը եւ կը պահպանեն հրադադարը: «Մեր համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան շրջանակներու մէջ ես Պաշտպանութեան բանակի առաջնագիծի վրայ էի, անձնակազմին տրամադրութիւնը բարձր է, ստորաբաժանումները պատրաստ են կատարել իրենց մարտական խնդիրները», վստահեցուցած է նախարարը:

Մայիս 22-ի լոյս 23-ի գիշերը Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ եւս՝ իրադրութիւնը շարունակած է մնալ հանգիստ: Հակառակորդը կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը խախտած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ:

Հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով իրավիճակը չէ փոխուած: Ազրպէյճանական կողմը շարունակած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ անկանոն կրակոցներ արձակել՝ սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածի ուղղութեամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին