Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Լիբանան Ամէն Բան Լաւ Է…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ երեկոյեան Պէյրութի օդակայանէն մեկնեցայ Երեւան: Սակայն այս չէ, որ կ՛ուզեմ տեղեկացնել քեզի սիրելի ընթերցող:

Ըսելիքս հետեւեալն է. օդակայաններու «ամենաանապահով» (դուն հակառակը հասկցիր)  այս օրերուն եւ մինչ իւրաքանչիւր ոտքիս մէջ ոսկորի կտրուածքներ սարքելու գործողութիւններու հետեւանքով՝ ունիմ աւելի քան երկվեցեակ մը մետաղէ գամեր…  նմոյշի համար ոչ մէկ ելեկտրական ապահովական դուռ կամ անցք սուլեց, երբ Պէյրութի օդակայանը անցայ անոնց մէջէն…: Ելեկտրականութի՞ւնը անջատուած էր արդեօք… թէ մեր օդակայանին ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ…:

Ձեր դուռերը բաց հանգիստ քնացէք սիրելիներ… աւելի հանգիստ ալ ճամբորդեցէք… թող Եւրոպան իրար անցնի: Լիբանան ամէն բան լաւ է…: Ելեկտրականութիւնն ալ արդէն 24 ժամ պիտի ըլլայ եղեր… ինշալլա օր մը…:

Պէյրութի մոլերուն ու սիւփըրմարքէթներու մուտքին ապահովական միջոցառումները միտքս եկան, ուր սկզբունքով անգործ մարդիկ զինուորագրուելով այսպէս կոչուած ապահովական ընկերութիւններու, ձեռքերնին թելի կտոր մը բռնած մտնող ինքնաշարժները կը ստուգեն… կարծեմ ինքնաշարժ վարող աղջիկներուն նստած վիճակով փէշին երկայնքը չափելու համար…: Ասոնց մասին սակայն ուրիշ անգամ կը գրեմ…:

Երեւանէն բարի լոյս քեզի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին