Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Դարը Մեր Ետին – Մեր Արդար Պահանջքը Առաջ Արեւմտահայերէնը Հնչեց Հայրենի Բեմերէն

*ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ*

Հայոց Ցեղասպանութեան նշման Հարիւրամեակի տարուան ընթացքին – 2015 Ապրիլ 16-էն – 2016 Ապրիլ 16- Թէքէեան Մշակութային Միութեան ԹՄՄ-ի Մհեր Մկրտչեան Թատերախումբը, միշտ իր առաքելութեան հաւատարիմ,  մէկ տարուայ ընթացքին Նիւ Եորքէն- Նիւ Ճըրզի- Գիւմրի եւ Երեւան – հարիւրամեակի նուիրուած հինգ ելոյթներով իր արդար մասնակցութիւնը բերաւ մեր սրբադասուած մէկ ու կէս միլիոն զոհերու եւ մտաւորականութեան յիշատակին:

Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ տեղի ունեցած ելոյթներուն, լեցուն սրահները որքան որ ալ խիստ քաջալերական էին՝ թէ՛ հրամցուած գործին եւ թէ նուիրեալ կամաւոր–սիրողական դերասաններուն սքանչելի մատուցումին առ ի գնահատանք, սակայն եւ այնպէս՝ Հայրենի ելոյթները եւ Հայրենի հանդիսատեսին ընկալումն ու գնահատանքը եկան ամրապնդելու այն նուիրումը, որ արդարօրէն կը պսակէին այս ներկայացումներուն հետ ԹՄՄ-Մհեր Մկրտչեանի անուան թատերախումբի իւրաքանչիւր անդամին թատրոնի սէրն ու կամաւոր ոգին:

Թատերախումբին Հայրենի հիւրախաղերուն հովանաւորութիւնը ստանձնած էր ՀՀ-ի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Խումբին անդամներուն համար միմիայն մէկ շաբաթ էր երազային վայելքի պահերը:  Իրենց առօրեայ աշխատանքէն բաժին հանած էին եւ… պատրաստ ԵՐԵՔ ելոյթներ հրամցնելու-երկուքը Երեւանի եւ մին Գիւմրիի մէջ:

Տխրուրախ օրեր էին: Տխուր էինք՝ Ապրիլ Չորսի Արցախեան լուրերով, կորուստներով եւ հիւանդանոց հասած վիրաւոր երիտասարդներու ցաւով: Ուրախ, որ այդ ճգնաժամային օրերուն հո՛ն էինք, մեր բողոքի ձայնը միացնելու մեր Քոյր-Եղբայրներուն  եւ լիահագագ գոռալու աշխարհի երեսին՝

ԴԱՏԱՐԱ՛ՆՆ  Է… ՈՏՔԻ՛։

Ի՜նչ փոյթ, որ ԴԱՐ-ը մեր ետին է, այո՛: Բայց մենք եկած էինք բարձրաձայնելու, թէ պատմութեան էջերուն մէջ պիտի չթաղենք այդ սրբադասուած հոգիները: Մեզմէ ամէն մէկուն հոգիէն ներս բոյն դրած են, կենդանի՛ են անոնք, պահանջք եւ բողոք ունինք աշխարհին, զայն անպայման փոխանցելու համար գալիք սերունդին:

Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան թատերասրահէն, Երեւանի Թատերական-Մշակութային Կեդրոնի բեմէն մինչեւ Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան թատերասրահի հանդիսատեսներուն յոտընկայս եւ խլացնող ծափերը իւրաքանչիւր դերասանին ականջին մեծագոյն գնահատանքն ու հատուցումն էին որ տուին:

Յուզիչ ու միասանականութիւն շեշտող պահ մըն էր, երբ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան թատերասրահի ելոյթէն առաջ, բեմադրիչ Ժիրայր Բաբազեան ներկաները յոտընկայս մէկ վայրկեան լռութեան հրաւիրեց, ի յարգանք նորոգ զոհուած մեր սահամանապահ քաջարի զինուորներուն:

Յակոբ Պարոնեանի անուան Սրահին մէջ նահապետ հեղինակին՝ Պերճ Զէյթունցեանին եւ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանին ներկայութիւնը եկան ընդգծելու գնահատանքը՝ արտասահմանեան թատերական խումբին անձնուէր կամաւոր աշխատանքներուն նկատմամբ: Ներկայ էին նաեւ պաշտօնական այլ յարգարժան անձնաւորութիւններ, «Ազգ» օրաթերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, լրագրողներ եւ ուրիշներ:

Ելոյթի աւարտին ՀՀ Սփիւռքի նախարարի ողջոյնի խօսքը ներկայացուց՝ նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը եւ գնահատագիրը յանձնեց թատերախումբի մղիչ ուժ եւ հիմնադիր անդամ Յակոբ Վարդիվառեանին:

Հանդիսատեսներուն մէջ կային նաեւ անոնք որոնք չէին կրնար պատկերացնել, թէ բեմի վրայ այնքան յաջող Սողոմոն ու Թալաաթ, փաստաբան թէ դատախազ խաղցողները պարզապէս սիրողականներ էին, կամաւոր թատերասէրներ, եւ ո՛չ թէ վճարովի արհեստավարժ դերասաններ:

Խումբին վաստակաւորնե՞րը… տարիներու ծառայութեամբ արուեստասէր կամաւորներն են,  բեմադրութեամբ վկայեալ դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ, աշխարհի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն վրայ իր ելոյթներով գնահատուած՝ Փարիզաբնակ արուեստագէտ Ժիրայր Բաբազեանին: Ժիրայրին մտայղացումով ու առաջնորդութեամբ, իրապէս իւրաքանչիւր դերասան յաջողեցաւ կատարելագործել իրեն վստահուած դերը- կերպարներուն մէջ կարենալ մտնելով, նոյնիսկ երակներուն մէջ հայ արիւնը վազող Գառնիկ Ներսէսեանին որպէս դահիճ Թալաաթ մը բեմ հանելով:  Երէց սերունդի ներկայացուցիչներ՝ 92 եւ 82  տարեկանէն, մինչեւ 20 տարեկան երիտասարդները՝ լիուլի արդարացուցին իրենց վստահուած դերերը: ԹՄՄ-Մկրտչեանականները գովելի համերաշխութեամբ մէկ տարիէ աւելի տեւող ժամանակաշրջանին աւելի եւս կապուեցան իրարու, իսկ Հայրենի տուն այցով շեշտուեցաւ մէկ մեծ ընտանիքի կապը:

Թատերախումբին փորձերուն Ժիրայրին Նիւ Եորքէն բացակայութեան շրջանին, փորձերը  ձեռնհասօրէն կը վարէր Յարութիւն Չաթմաճեանը, միաժամանակ ստանձնելով ընդհանուր դատախազի դերը:

Դերակատարները թիւով քսանէ աւելի էին, իսկ քուլիսային աշխատողներուն հետ՝ երեսունէ աւելի – տարիքի տասնամեակներու տարբերութեամբ: Արդար է հոս իւրաքանչիւրին անունը արձանագրել- Յարութ Պարսումեան-Սողոմոն, Գառնիկ Ներսէսեան-Թալաաթ, Արփի Չանքար, Թալին Պահեան եւ Դալար Զօքեան-երեգ հոգիները, Էլիզապէթ Աքեան- Տիկ. Տիթման եւ Սողոմոնի Մայրը, Յարութ Չաթմաճեան- Դատարանի Նախագահ, Շմաւոն Ադամեան- Նահանգային Դատախազ, Միսաք Պօղոսեան-Տոքթ. Ատոլֆ Կորտոն- Պաշտպան փաստաբան, Յակոբ Վարդիվառեան- Տոքթ. Լեփսիուս, Արէտ Սփէնճեան-Տոքթ. Քըրթ Նիմէյըր, Արմենակ Գուրուշեան-Հենրի Մորկընթաու եւ Ֆայէզ էլ Ղըսէյն, Թալին Գարակիւլլէեան-Թալաաթի կինը եւ Երանուհի Դանիէլեան, Խաչիկ Սարըմինասեան-Հայ Քահանայ, Րոյ Պահեան-Տոքթ. Նիփակ եւ Հասան Ֆէհմի, Յովհաննէս Գարթալեան-Տոքթ. Նազիմ Պէյ, Աշոտ Սփենճեան-Օթթո Սէնտըրզ, Հայկ Վարդիվառեան- Թալաաթի քարտուղար եւ Էլիսա Ադամեան-Դատարանի քարտուղար: Իսկ բեմի ընդհանուր պատասխանատուներն էին Մարի Զօքեան եւ Հրաչ Զօքեան:

Հայրենի  երեք ելոյթներուն ընթացքին Երեւանաբնակ երեք շնորհալի երիտասարդներ եկան միանալու խումբին:  Թատերական կեանքի զանազան մարզերուն նուիրուելու ճանապարհը ընտրած այս տղաքը, եկան միանալու Սփիւռք-Հայրենիք մէկ ընտանիքի կապը շեշտելով: Մառք Պետրոսեան եւ Սերյոժա Պաղտասարեան իրենց մասնակցութիւնը բերին թիկնապահներու դերով, իսկ Սողոմոնին ազատ արձակման վերջնական վճիռը յայտարարողն էր՝ դերասանական-ռեժիսորականի հետեւող Դաւիթ Յակոբեան:

Մեծապէս գնահատանքի արժանի է Սողոմոն Թէհլիրեանի դերով հանդէս եկող Յարութ Պարսումեանը, որ ոչ միայն Սողոմոնի կերպարին մէջ մտած էր, այլ իր բազմազան շնորհներով հեղինակն է ամբողջ ելոյթին երաժշտական ձեւաւորումին, լուսանկարներու  եւ աֆիշներու գեղարուեստական համադրութեան:

Միացեալ Նահանգներու ելոյթներուն ընթացքին բեմէն հնչող արեւմտահայերէնը- մանաւանդ ամերիկահայ- հանդիսատեսին աւելի լաւ հասկնալի դարձնելու համար, գովելի փափկանկատութիւն էր անգլերէն ենթախորագիրներու պատրաստութիւնն ու հեռարձակումը՝ շնորհիւ երիտասարդ ամոլ Սրբուհի եւ Հայկ Վարդիվառեանններու ջանքերուն: Այս մէկը թէեւ անհրաժեշտութիւն մը չէր Հայրենի բեմերուն վրայ, սակայն կարեւոր եւ խիստ յանձնառարելի է՝ ամերիկայի հայահոծ գաղութներու երիտասարդութեան հրամցնելու եւ զանոնք մասնակից դարձնելու այս արժէքաւոր ելոյթին ու նո՛յնքան պատմական նշանակութիւն ունեցող այս թատրերգութեան նիւթին:

Հայրենի հրաշալի ու երազային օրերուն վերջաբան մը չէր Ապրիլ 16-ի ելոյթը,  այլ կարօտի զգացումին կրկնապատկումը՝ երբ թէ՛ գեղարուեստի համալսարանի ելոյթէն ետք եւ թէ՛ ԹՄՄ- Երեւանի Կեդրոնին մէջ խումբը հիւրասիրուեցաւ գեղարուեստական հոգի շոյող յայտագիրով եւ ճաշակաւոր ու բազմատեսակ ճոխ հիւրասիրութեամբ: Երեւանի թատերական կեանքի նուիրեալներէն մինչեւ Հայրենի արուեստագէտներ Ռուբիկ Մաթեւոսեան եւ Ռոպերթ Ամիրխանեան եկած էին, նաեւ սիրուած ծանօթ դէմքեր՝ մանկավարժներ Լեւոն Լաճիկեան եւ Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան հո՛ն էին, իրենց սէրն ու գնահատանքը յայտնելու սփիւռքահայ արուեստասէր խումբի անդամներուն:

Հրաժեշտի երեկոյեան անմոռանալի էր մեր համախմբումը մեզի հետ պատուոյ հիւր ունենալով ԹՄՄ-Մհեր Մկրտչեան Թատերախումբի բեմադրիչներէն առաջինը՝ Թամար Յովհաննէսեանը, թատերախաղը Արեւմտահայերէնի վերածող Պայծիկ Գալայճեանը, որուն շնորհիւ էր նաեւ, որ Արեւմտահայերէնը հնչեց Հայրենի բեմերէն արեւելահայ քոյր-եղբայրներուն մեր ձայնը հարազատօրէն փոխանցելու:

Ներկայ էին նաեւ վաստակաշատ պարուսոյց Գագիկ Կարապետեանը եւ իր ազնուափայլ տիկինը: Գագիկ Կարապետեանի առաջնորդութեամբ ներկաները հիւրասիրուեցան հայկական պարարուեստի սքանչելի մէկ ծաղկեփունջով՝ խնամքով պատրաստուած գեղարուեստական Հայ երաժշտութեան ու պարի ելոյթով մը:

Անջնջելի պիտի մնայ Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնի ելոյթը յարգարժան հիւրերու ներկայութեամբ: Հեղինակ Պերճ Զէյթունցեանին կողքին ներկայ էին Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՀ Սփիւռքի փոխ-նախարարը, հալէպահայ թատրոնի-մշակոյթի նուիրեալներ Յակոբ Միքայէլեան, Վահէ Սամուէլեան, Տօքթ. Պետիկ Պոյաճեան, Նիւ Ճըրզիաբնակ բարերար Տիար -Հէրի Թուֆայեան, եւ հոծ բազմութեամբ -մինչեւ իսկ աստիճաններուն վրայ տեղաւորուած խուռներամ երեւանեան թատերասէրներով: Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանին եւ թատրոնի անփոխարինելի աստղ Մհեր Մկրտչեանին յիշատակին յաղթանակ մըն էր, որ արձանագրեց այս թատերախումբը Հայրենիքի մէջ չորս օրերու ընթացքին, երեք տարբեր սրահներու մէջ Հայրենի հանդիստատեսին հրամցնելով խիղճ արթնցնող այս թատրերգութիւնը:

Նիւ Եորք վերադարձին իւրաքանչիւր դերասան իր առօրեային դարձաւ լիցքաւորուած ու մանաւանդ՝ ԹՄՄ-ի Հայաստանի Կեդրոնական վարչութեան Նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանին ստորագրութեամբ «ՇՆՈՀԱԿԱԼԱԳԻՐ»-ով մը, որ կը գնահատէր իւրաքանչիւր դերասանին «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ մշակութային կապերի ամրապնդման, ազգային մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործում ունեցած վաստակի համար»։

Ելոյթէն անմիջապէս ետք, Ապրիլ 17-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, խումբը արդէն իսկ հրաժեշտ պէտք է առնէր: Հայրենիքի կարօտը շեշտող տեսարան մը մեզ կը սպասէր առաւօտեան այդ բաժանումի պահուն: Զուարթնոց օդակայանին մէջ ապակեայ լայնատարած պատուահններէն ապշեցուցիչ յստակութեամբ Արարատը մեր առջեւ պարզուեցաւ: Իր զոյգ գագաթներով Մասիսները փառահեղօրէն մեզ կը դիմաւորէին, այնքա՛ն յստակ ու անամպ մեր աչքին առաջ, մաքուր կապոյտ երկինքի պաստառին վրայ, կարծէք «Զաւակներս  ինչո՞ւ  կ՛երթաք»  ըսելու մեզի…։

Մերը՝ նորոգուած կարօտով, լիցքաւորուած հաւատքով լեցուն վերադարձ մըն էր, մեր հոգիները խռովող Արարատին անբառ ու անշշուկ, կրկնապատկուած ուխտով մը…։

Չէ՞ որ տակաւին ըսելիք-հասկցնելիք ունինք, քիչ մը ամէ՛ն տեղ եւ աշխարհի չորս ծագերուն:  Հաւատարիմ՝ Նահապետ Պերճ Զէյթունցեանին ոգիին, գալիք սերունդները ոտքի հանելու առաքելութեան խոստումով մը, եւ դարձեա՛լ ամէնուրեք ԱՇԽԱ՛ՐՀԸ մեր դատարանը դարձնելով կրկնելու-

ՈՏՔԻ՛, ԴԱՏԱՐԱՆՆ  է …։

Նիւ Եորք, 30 Ապրիլ 2016

2016_April 16 Finale_Baronian Surah

2016_April 16_TCA Theatre group_All rise_Armenia

2016_April_with Mirzakhanian_Danielian

2016_April TCA Group IN Gyumri

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին